2011-12-31 08:19:39

«Մեր Կեանքին Մասնակցութեամբ Մեր Երիտասարդները Իրենց Մէջ Պիտի Կազմաւորեն Պատասխանատութեան Զգացում Ու Համարատուութեան Գիտակցութիւն» Կ՛ըսէ Արամ Ա. Կաթողիկոս


Կազմակերպութեամբ ու հրաւէրով կաթողիկոսարանի Երիտասարդական բաժանմունքին, Հայաստանեայց եկեղեցւոյ Համալսարանական ուսանողներու միութեան (ՀԵՀՈՄ) նախկին անդամ-անդամուհիներու հաւաք մը տեղի ունեցաւ չորեքշաբթի, 28 դեկտեմբեր 2011-ի գիշերը, Անթիլիասի մայրավանքին մէջ: Արդարեւ, շուրջ հարիւր ՀԵՀՈՄ-ականներ, որոնք այսօր զանազան մասնագիտական ասպարէզներու ճամբով ներկայութիւն են հայ կեանքին մէջ, մասնակից դարձան հաւաքին, որուն յաջորդեց ընթրիք մը` ներկայութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսին:
Ընթրիքի ընթացքին յաջորդաբար խօսք առին կաթողիկոսարանի Երիտասարդական բաժանմունքի յանձնախումբի ատենապետ Յակոբ Հանտեան եւ նոյն բաժանմունքի վարիչ Մեսրոպ վրդ. Սարգիսեան: Անոնք շեշտեցին երիտասարդութեան աւելի կարեւորութիւն տալու հրամայականը հայ եկեղեցւոյ ու համայնքի կեանքին մէջ եւ այս ուղղութեամբ ՀԵՀՈՄ-ի կարեւոր դերը:
Իր հայրական պատգամին մէջ, վեհափառը լայնօրէն անդրադարձաւ ներկայ աշխարհի հրամայականներուն եւ անոնց դրական թէ բացասական անդրադարձին հայ կեանքին մէջ: «Յարատեւ ու արմատական փոփոխութեան մէջ եղող ներկայ աշխարհին մաս կը կազմէ նաեւ մեր ազգը: Հետեւաբար, մենք չենք կրնար անտարբեր մնալ այն շարժումներուն, փոփոխութիւններուն ու մարտահրաւէրներուն նկատմամբ, որոնք կը շրջապատեն մեզ ամէն տեղ ու մեր կեանքի բոլոր մարզերուն մէջ: Կոյր կերպով հետեւիլ անոնց վնասաբեր է. իսկ անտարբեր մնալը` նոյնքան վնասաբեր: Պէտք է գիտնանք ի՛նչը առնել եւ ի՛նչ ձեւով օգտակար դարձնել մեր կառոյցներուն թէ ընդհանրապէս մեր հաւաքական կեանքին, եւ ի՛նչը մերժել: Հո՛ս կը կայանայ մեր հիմնական դերը, եւ այս ուղղութեամբ երիտասարդութիւնը կոչուած է յոյժ կարեւոր դերակատարութեան», ըսաւ Արամ Ա. կաթողիկոս: Շարունակելով իր խօսքը` ան ըսաւ, թէ «ընդհանրապէս մեր երիտասարդութիւնը մեր կեանքի լուսանցքին վրայ կը գտնուի: Երբեմն իրե՛նք են յանցաւորը, իսկ շատ յաճախ` մե՛նք, մեր հոգեւոր, ազգային, մշակութային թէ կրթական պատասխանատուները: Մենք պիտի գիտնանք ի՛նչ ձեւով խօսիլ երիտասարդութեան հետ, ինչպէ՛ս ներգրաւել զանոնք մեր կեանքին մէջ: Մենք քաջութիւնը պիտի ունենանք պատասխանատուութիւն յանձնելու մեր երիտասարդներուն: Արդարեւ, մեր համայնական կեանքին մասնակցութեամբ է, որ անոնք իրենց մէջ պիտի կազմաւորեն պատասխանատուութեան զգացում ու համարատուութեան գիտակցութիւն»:
Իր խօսքի աւարտին, վեհափառը ըսաւ. «Եղածը պահելը, մեր ունեցածով գոհանալը, նոյն մարդոցմով շրջապատուած մնալը, նոյն կաղապարուած մտածումները լսելը, այլ խօսքով` նո՛յնը կրկնելը երբեք յառաջդիմութեան չի՛ նպաստեր, այլ մեզ կ՛առաջնորդէ դէպի նահանջ: Մենք պէտք ունինք վերանորոգ մտածողութեան, վերանորոգ նուիրումի, հաւատքի ու տեսիլքի: Ա՛յս կը սպասենք մեր երիտասարդութենէն»:
Վեհափառին մեկնումէն ետք, ՀԵՀՈՄ-ականներ շարունակեցին իրենց հանդիպումը: Որոշուեցաւ աւանդութեան վերածել նման հանդիպումները կաթողիկոսարանին մէջ եւ առաւելագոյն չափով մասնակից դառնալ կաթողիկոսարանի առաքելութեան:








All the contents on this site are copyrighted ©.