2011-12-30 12:48:57

Հայկական Հնագոյն Թագաւորութեան Մայրաքաղաքը Պիտի Վերականգնի


ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի մշակոյթի նախարարութեան Պատմամշակութային ժառանգութեան հետազօտական կեդրոնի ղեկավար Յակոբ Սիմոնեան Դեկտեմբեր 28ին յայտնեց, թէ կեդրոնին կողմէ 2011ի ընթացքին իրականացած են պեղումներ, որոնց իբրեւ արդիւնք լրացած համարուած է հայկական յուշարձաններու պետական ցուցակը, կազմուած են պահպանական գօտիներ ու վկայագիրներ, որոնք բոլորը թուայնացուած են: Նոյն ընթացքին հրատարակութեան պատրաստուած է «Յուշարձան» տարեգիրքը, ստեղծուած է Գորիսի պատմամշակութային միաւորումը եւ այլն:
Սիմոնեան տեղեկացուց, որ այս տարի պեղումներ իրականացած են քանի մը ուղղութիւններով՝ յուշարձանները վերականգնման պատրաստելու համար։ Պեղումներ իրականացած են Դաշտադէմի ամրոցին, Լոռիի բերդին, Չիչխանավանքին, Եղվարդի Ս. Աստուածածին եկեղեցոյ մէջ եւ Գորիսի համանուն եկեղեցւոյ տարածքին:
«Այս տարուանից սկսուել են նախագծային աշխատանքները. միւս տարուանից կը սկսենք վերականգնել, որպէսզի մեր առաջ յառնի հնագոյն քաղաքներից մէկը՝ Լոռի-Տաշիր թագաւորութեան մայրաքաղաքը. դա կը դառնայ նաեւ զբօսաշրջութեան կենտրոն», յայտնեց կեդրոնի ղեկավարը:
Վտանգուած յուշարձաններու պեղումները կատարուած են երեք վայրերու մէջ՝ Սիւնիքի Խնածախ ամրոցին, Արցախ գտնուող Կերենի դամբարանադաշտին եւ Վայոց Ձոր գտնուող Ամուլսարի դամբարաններուն մէջ:








All the contents on this site are copyrighted ©.