2011-12-30 12:55:24

Հ Հ Նախագահ Սերժ Սարգսեան Նոր Տարուան Եւ Ս. Ծնունդին Առիթով Ընդունելութեան Կը Հրաւիրէ Զանգուածային Լրատուամիջոցներու Ներկայացուցիչները:


Նոր տարուան եւ Սուրբ Ծննդեան տօներուն առիթով` նախագահ Սերժ Սարգսեան իր նստավայրին մէջ ընդունելութեան հրաւիրեց զանգուածային լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչները:
Նախագահ Սարգսեան շնորհաւորեց զանոնք յառաջիկայ տօներուն առիթով եւ յաջողութիւն մաղթեց: Ան համոզում յայտնեց, որ 2012 թուականը պիտի ըլլայ համագործակցութեան, վերընթաց զարգացման եւ յառաջընթացի տարի:
Նախագահին մամլոյ գրասենեակին համաձայն, անդրադառնալով անցնող տարուան նախագահ Սարգսեան ըսաւ, որ 2011 թուականը ընդհանուր առմամբ յաջող եւ արդիւնաւէտ տարի էր լրատուամիջոցներու աշխատանքին տեսանկիւնէն: Ըստ նախագահին, Հայաստանի մէջ լրատուամիջոցներու գործունէութեան մարզին մէջ յառաջընթացը իսկապէս նկատելի է: Կարելի է արձանագրել քաղաքական մշակոյթի փոփոխութիւն, որ կ՛արտացոլէ հասարակութեան հասունութիւնը: Ան նշեց, որ տակաւին շատ կանուխ է խօսիլ լուրջ յաջողութիւններու մասին եւ փոխադարձ շնորհաւորանքներ յղել:
Շեշտելով, որ յառաջիկայ խորհրդարանական ընտրութիւններու տարին «կարեւոր ժամանակաշրջան է», հանրապետութեան նախագահը յայտնեց, որ «2012 թուականին մենք` բոլորս միասին, պէտք է ապացուցենք, որ կրնանք ունենալ տարբեր քաղաքական հայեացքներ եւ նպատակադրումներ, սակայն կը կիսենք մէկ ընդհանուր արժեհամակարգ, որ հիմնուած է օրէնքի գերակայութեան, ազնիւ մրցակցութեան, արդար հոլովոյթի վրայ… Այդ արժեհամակարգը կը պահանջէ, որ միասին շարունակենք քարոզել քաղաքական հանդուրժողականութիւն եւ փոխադարձ յարգանք: Ընտրութիւնները թէժ քննարկումներու շրջան են, սակայն յոյսով եմ, որ կեղծիքը, սադրանքը, վիրաւորանքը եւ պիտակաւորումը չեն, որ պէտք է աշխուժութիւն հաղորդեն քաղաքական կեանքին»:
Սերժ Սարգսեան յորդորեց լրատուական դաշտի բոլոր դերակատարներուն ըլլալ անաչառ եւ անկողմնակալ` գիտակցելով 2012 թուականին Հայաստանի մէջ սպասուող քաղաքական հոլովոյթներու կարեւորութեան:
Երկրին նախագահը յայտնեց, որ որքան ալ երկրին խնդիրները դժուար յաղթահարելի ըլլան, միեւնոյնն է` ընկերային, իրաւական կամ այլ բնոյթի խնդիրներ ունեցող մեր հայրենակիցներուն համար իրավիճակին հիմնական մեղաւորը կը մնան իշխանութիւնները: Ըստ նախագահին, ամէն ինչին համար պատասխանատու է իւրաքանչիւր անձ իր մասով` անկախ պաշտօնէն կամ քաղաքական- գաղափարական կողմնորոշումէն: Նախագահը նշեց, որ ինք կ՛ընդունի, որ Հայաստանի մէջ նկատուող տակաւին չլուծուած բազմաթիւ հարցեր կան, որոնք կը դժուարացնեն բոլորիս կեանքը կամ անյարմարութիւններ կը ստեղծեն: «Քաջ կը գիտակցիմ անոնց յաղթահարման ճամբուն իմ պարտականութիւնս, տեղս եւ դերս` իբրեւ հանրապետութեան նախագահ: Միեւնոյն ժամանակ մենք չենք կրնար չգիտակցիլ հասարակական յարաբերութիւններու որակը փոխելու խիստ անհրաժեշտութեան, այլապէս հետեւանքը թէ՛ պետութեան, թէ՛ հանրութեան համար շատ ծանր պիտի ըլլայ: Եւ այս առումով մենք բոլորս միասին տակաւին լուրջ ընելիքներ ունինք», ընդգծեց Հայաստանի նախագահը:








All the contents on this site are copyrighted ©.