2011-12-30 13:49:52

Լիբանանի Հեզպոլլահի համար Յիսուսի ս. Ծնունդը կը խորհրդանշէ հանդիպումը միաստուածեան փրփք կրօներու։


Հեզպոլլահ`լիբանանեան շիիթ քաղաքական շարժումը իր բարեմաղթութիւնները յայտնելով Լիբանանի ժողովուրդին եւ մասնաւորապէս քրիստոնեաներուն յայտարարած է որ Յիսուս Քրիստոսի ս. Ծնունդի տօնը կը խորհրդանշէ հանդիպումը միաստուածեան կրօներու, եւ ունին նոյն իղձը. արդարութեան, հաւասարութեան եւ հարստահարեալներու օգնութեան։ Հուսկ Հեզպոլլահ կը յուսայ որ Յիսուսի ս. Ծնունդի տօնը Լիբանանու եւ Միջին Արեւելքի երկիրներուն բերէ աստուածային օրհնութիւն, միութիւն եւ իրարայաջորդ ներկայ տագնապներուն յաղթահարում։








All the contents on this site are copyrighted ©.