2011-12-30 13:42:54

2011 Տարուայ Ընթացքին Աւելի Քան 2.5 Միլիոն Հաւատացեալներ Մասնակցեցան Սրբազան Քահանայապետի Հանդիպումներուն։


Սուրբ Աթոռի Հոգեբարձութիւնը յայտարարած որ 2011 տարուայ ընթացքին աւելի քան 2.5 միլիոն հաւատացեալներ իրենց մասնակցութիւնը բերած են Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի հրապարակային ունկնդրութիւններուն` հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքներուն եւ այլ արարողութիւններուն։ Ըստ հրատարակուած տուաելներուն աւելի քան 400.000 հաւատացեալ եւ ուխտաւոր մասնակցած են չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութիւններուն մինչ 102.000 անձեր մասնակցած են առանձնական ունկնդրութիւններուն։ 846.000 հաւատացեալներ ներկայ գտնուած են սրբազան արարողութիւններուն եւ 1.206.000 ուխտաւորներ Սրբազան Քահանայապետի հետ միասին աղօթած են հրեշտակ տեառն եւ ողջ լեռ թագուհի մարեմեան կիրակնօրեայ աղօթքները։ Այս տուեալներուն չեն ներփակուած Սրբազան Քահանայապետի հովուական եւ առաքեալական այցելութիւնները իտալիայ եւ այլուր։ Ըստ Սուրբ Աթոռի հոգաբարձութեան ներկաներու թիւը յաւելում արձանագրած է բաղդատմամբ վերջին երեք տարիներուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.