2011-12-29 14:06:34

Սրբազան Քահանայապետի 2011 Տարին - Հայր ֆետերիքօ Լոմպարտիի հաշուէկշիռը։ Խիտ գործունէութիւններով բայց համերաշխ տարի մը` Լի կարեւոր պատգամներով ։


Ռատիովատիկանի իտալական մասնաճիւղի հետ ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենաեկի տնօրէն հայր ֆետերիքօ Լոմպարտին հակիրճ հաշուէկշիռ մը ներկայացուց Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի 2011 տարուայ գործունէութեան մասին զայն որակելով Խիտ գործունէութիւններով բայց համերաշխ տարի մը`։ Հայր Լոմպարտին նախ անդրադարձաւ Սրբազան Քահանայապետի միջազգայն Առաքեալական Ճամբորդութիւններու մասին մեկնելով Գերմանիա եւ Սպանիա կատարած հովուական այցելութիւններէն որոնց ընթացքին շեշտը դրուեցաւ Եւրոպայի մէջ տիրող աշխարհականացումի մտահոգիչ երեւոյթին մասին։ Գերմանիոյ Պերլինի խորհրդարանի մէջ Քահանայապետի արտասանած ճառը պիտի մնայ որպէս ամենակարեւոր եւ իմաստալից ճառերէն մին հաստատած է Լոմպարտին։ Մինջ Սպանիոյ մէջ Մատրիտի երիտասարդներու համաշխարհային օրերը եղան հաւատքի իսակական վկայութիւն ու հոգեւոր սննդաբեր փորձարութիւն։
Հայր Լոմպարտին ապա խօսեցաւ Սրբազան Հօր Պենին կատարած առաքելական ճամբորդութեան ուր Ափրիկէի եկեղեցւոյ յանձնեց առաքեալական յորդորագիրը որ շատ մը մեկնաբաններ զայն որակեցին որպէս <<Ափրիկէի մասին ամենագեղեցիկ եւ ամբողջացուցիչ փաստաթուղթերէն մին>>։ Ափրիկէի ժողովուրդին հիւրնկալութիւնը` անոնց ուրախութիւնը հակառակ կեանքի դժուարութիւններուն եւ անոնց ցուցաբերած զօրակցական հոգին մեծ յոյս կը ներշնջեն Ափրիկէի ապագայի համար եւ այս ուղղութեամբ Քահանայապետի առաքեալկան ճամբորդութիւնը փաստ մը եղաւ կաթողիկէ եկեղեցւոյ կենսունակութեան ափրիկեան ցամաքամասի մէջ։ Եկեղեցին չէ նկատուած որպէս օտար եկեղեցի` եւրոպական եկեղեցի այլ որպէս բնիկ ափրիկէցի եկեղեցի։
Հուսկ Հայր Լոմպարտին անդրադրձաւ Ասսիզիի միջկրօնական հաւաքին ուր Պենետիկտոս ԺԶ իր նախորդին թողած արժէքաւոր այս ժառանքութիւնը արժեւորեց շարունակելով երկխօսութիւն ճանապարհը աշխարհի բոլոր կրօնապետերու եւ նոյնիսկ անհաւատներու հետ ու շեշտելով ճշմարտութիւնը փնտռելու կարեւորութեան եւ աշխարհի մէջ խաղաղութեան հաստատումին։
Վատիկանի Բանբերը ապա խօսեցաւ Սրբազան Քահանայապետի Motu Proprio "Porta Fidei" յորդորագիրի մասին որով 2012 -2013 տարեշրջանը հռչակուած է որպէս հաւատքի տարի ան նաեւ անդրադարձաւ 2012 հոկտեմբերին Նոր Աւետրանաութեան մասին եպիսկոպոսական սիւնհոդոսի գումարումին ու վերահաստատեց Սրբազան Հօր 2012 տարուայ ընթացքին Գուպա եւ Մեքսիքօ Կատարելիք ճամբորդութիւնները։ Հարցազրոյցին ընթացքին Հայր Լոմպարտին խօսեցաւ նաեւ Սրբազան Քահնայապետի Հռոմի Րէպիպիա բանտը վերջերս կատարած այցելութեան եւ բանտարկեալներու հետ անոր ունեցած հանդիպումին։ Ապա մատնանշեց անցեալ մէկ մայիսի տեղի ունեցած երջանկայիշատակ ՅՊԲ քահանայապետի երանացման պատմական արարողութեան ինչպէս նաեւ Պենետիկտոս ԺԶ սրբազան հօր վարդապետութեան ու Յիսուս Նազովրեցի գիրքի երկրորդ հատորին հրատարակման որոնց ընդմէջէն - ըսաւ Լոմպարտին - կը յայտնաբերուի Սրբազան Քահանայապետի անհուն սէրը Քրիստոսի հանդէպ։ Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը 2011 տարուայ ընթացքին մեզի ընկերացաւ ու մեզ առաջնորդեց մեր ճանապարհրդութեան մէջ մեզի ուղղելով կարեւոր պատգամներ որ պագայի նկատմամբ մեծ յոյսեր կը ներշնջեն։








All the contents on this site are copyrighted ©.