2011-12-29 13:45:37

Սուրիոյ Հաւատարմատարը Կը Վստահեցնէ. «Սուրիահայերու Զանգուածային Արտահոսք Չկայ»


ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի մօտ Սուրիոյ դեսպանութեան գործերու ժամանակաւոր հաւատարմատար Մամուն Հարիրի, Դեկտեմբեր 29ին լրագրողներու հետ կայացած հանդիպման մը ընթացքին խօսելով Սուրիոյ հայկական համայնքի վիճակին մասին՝ նշեց, որ հայ համայնքը, պահպանելով քաղաքական չէզոքութիւն՝ կը սատարէ նախագահ Ասատի բարեփոխումներուն: Ըստ դիւանագէտին, իրականութեան չեն համապատասխաներ այն լուրերը, թէ Հոմսէն եւ հարաւարեւելեան այլ քաղաքներէ հայազգի բնակչութեան մեծ արտահոսք եղած է:
«Սուրիահայերը մեր պետութեան քաղաքացիներն են, եւ մեր պետութիւնը պարտաւոր է պաշտպանել անոնց անվտանգութիւնը: Բոլոր նման տեղեկութիւնները սուտ են», ըսաւ հաւատարմատարը:








All the contents on this site are copyrighted ©.