2011-12-29 11:50:41

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի Յունուար Ամսուայ Ընթացքին Գլխաւորած Արարողութիւնները


Կիրակի 1 յունուար 2012, առաւօտեան ժամը 9.30-ին, Սուրբ Պետրոսի Մայր տաճարի մէջ` Խաղաղութեան համաշխարհային 45րդ օրուայ առթիւ, Սրբազան Քահանայապետը կը մատուցէ գոհաբանական Սուրբ Պատարագ։ Նշենք որ Խաղաղութեան համաշխարհային 45րդ օրուայ պատգամին նիւթն է <<դաստիարակել երիտասարդները խաղաղութեան եւ արդարութեան>>։
Ուբաթ 6 յունուար 2012 առաւօտեան Աստուածայայտնութեան տօնին առթիւ Նորին Սրբութիւնը կը գլխաւորէ Սուրբ Պատարագի արարողութիւնը Վատիկանի Սուրբ Պետրոս մայր տաճարին մէջ։ Ուր տեղի պիտի ունենայ նաեւ եպիսկոպոսական օծում։
Կիրակի 8 յունուար 2012 առաւօտեան ժամը 9.45 Սրբազան Քահանայապետը, ինչպէս ամէն տարի, Սիքստինեան մատրան մէջ մանուկներուն կը մատակարարէ մկրտութեան խորհուրդը իսկ յունուար 25ին Սուրբ Պօղոսի դարձի գալու յիշատակի առթիւ Հռոմի Սուրբ Պօղոս անուան նուիրուած Պազիլիքայի մէջ Սրբազան Քահանայապետը կը գլխաւորէ ժամասացութեան արարողութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.