2011-12-29 12:57:20

Հայ Կաթողիկէ Համայնքի Հիւսիսային Ամերիկայի Առաջնորդը Կ՛այցելէ Ազգային Առաջնորդարան


Չորեքշաբթի, 21 Դեկտեմբերի կէսօրին, Հիւիսային Ամերիկայի արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան ընդունեց այցելութիւնը Հայ Կաթողիկէ համայնքի Հիւսիսային Ամերիկայի նորընտիր առաջնորդին՝ Միքայէլ եպսկ. Մուրատեանին, որուն կ՛ընկերանային համայնքին Լոս Անճելըսի ժողովրդապետ Գրիգոր վրդ. Շահինեան, Մխիթարեան վարժարանի տնօրէն Դաւիթ վրդ. Ղազարեան եւ Տիկնանց միութեան ատենապետուհի տիկին Մարիժան Հարմանտայեան։ Առաջնորդ սրբազանին կողքին, ներկայ եղան թեմի Կրօնական ժողովի ատենապետ Միւռոն Ծ. վրդ. Ազնիկեան, Քրեսենթա Հովիտի մեր եկեեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Ղեւոնդ քհնյ. Քիրազեան եւ Ազգ. վարչութեան ատենապետուհի տիկին Ռիմա Պօղոսեան։
Միքայէլ եպսկ. Մուրատեան առաջնորդական իր պաշտօնը ստանձնած էր աւելի քան երկու ամիս առաջ, յաջորդելով Մանուէլ եպս. Պաթագեանի, որ հանգստեան կոչուած էր։ Իր պաշտօնը ստանձնելէն ետք, Միքայէլ եպիսկոպոս առաջին պաշտօնական այցելութեամբ կը գտնուէր Լոս Անճելըս։ Ժողովրդապետութիւնը Շաբաթ, 17 Դեկտեմբերի երեկոյեան, ի պատիւ նորընտիր առաջնորդին, բարի գալուստի համար «Հրաշափառ»ի արարողութիւն մը կազմակերպած էր Կլենտէյլի Հայ Կաթողիկէ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ։ Առաջնորդ Սրբազանը, ընդառաջելով հրաւէրին, ներկայ եղաւ արարողութեան։
Ազգ. առաջնորդարանի «Սիւլահեան» դահլիճին մէջ ընդունելով հիւր առաջնորդը, Մուշեղ սրբազանը անոր ուղղեց շնորհաւորանքի խօսք, ընդհանուր տեղեկութիւններ տուաւ Ազգ. առաջնորդարանի յարկին ու հովանիին տակ տարուող հոգեւոր, մշակութային եւ կրթական աշխատանքներուն մասին, ապա նաեւ բարի երթ մաղթեց անոր եկեղեցնուէր ու ժողովրդանուէր առաքելութեան մէջ։ Խորհրդակցութեան նիւթ եղան միջ-յարանուանական գործակցական կապերն ու ընդհանրապէս հայութիւնը յուզող հարցեր։ Հիւր առաջնորդը, իր կարգին, տեղեկութիւններ հաղորդեց Հայ Կաթողիկէ համայնքի կեանքին ու գործունէութեան մասին, Քանատայէն մինչեւ Քալիֆորնիա։
Հանդիպումի աւարտին, հիւրերն ու հիւրընկալները անցան Ազգ. առաջնորդարանի «Ս. Տրդատ եւ Ս. Աշխէն» մատուռը, ուր միասնաբար աղօթքի պահ մը ունեցան։ Այնուհետեւ, առաջնորդ սրբազանը հիւր առաջնորդին ու ընկերակիցներուն ծանօթացուց առաջնորդարանի բաժանմունքները, ապա զանոնք հիւրընկալեց ճաշով։ Հրաժեշտէն առաջ, առաջնորդ սրբազանը եւ հիւր հոգեւոր առաջնորդը յուշանուէրներ փոխանակեցին








All the contents on this site are copyrighted ©.