2011-12-29 14:14:04

Համագործակցութեան Համաձայնագիր Արժանթինի Հայ եւ Իսլամ Համայնքներու Միջեւ


Պուէնոս Այրէս - Արժանթինի Արմենիա Մշակութային Ընկերակցութիւնը կարեւոր համաձայնագիր մը ստորագրեց երկրի հրեայ եւ իսլամ համայնքներու ներկայացուցչական կազմակերպութիւններու, ինչպէս նաեւ Ի.Ն.Ա.Տ.Ի.ի (Խտրականութեան, Օտարատեացութեան եւ Ցեղապաշտութեան դէմ Ազգային Ինստիտուտ), Ս.Ի.Խ.Է.Ն.ի (Արժանթինի Ընդհանուր Սինտիքաթուրա) եւ Լանուսի Ազգային Համալսարանի հետ:
Համաձայնագրի տրամադրութեանց հետեւումով, նշեալ համալսարանին մէջ ստեղծուեցաւ Հետազօտութեան, Զարգացման եւ Դաստիարակման Կեդրոնը, որուն ծիրին մէջ հայ, հրեայ եւ իսլամ համայնքները միասնական ծրագրեր պիտի առաջացնեն՝ երկրին մէջ մշակութային, կրօնական եւ էթնիքական տարբերութիւններու նկատմամբ աւելի լայն յանձնառութիւն ստեղծելու եւ բազմամշակութայնութիւնը որպէս ժողովրդավարակապ արժէք տարածելու նպատակով։








All the contents on this site are copyrighted ©.