2011-12-29 13:00:58

«Եկեղեցւոյ Կոչումը Ժողովուրդին Հետ Ըլլալն է» Կ՛ըսէ Արամ Ա. Կաթողիկոս


Նոր տարուան եւ Ս. Ծննդեան տօնի մթնոլորտին մէջ, Արամ Ա. կաթողիկոս դարձեալ եղաւ որբերուն, ծերերուն, հիւանդներուն, բանտարկեալներուն եւ աշակերտներուն հետ: «Ժողովուրդին հետ ըլլալը, ժողովուրդի բոլոր խաւերուն մօտենալը, անոնց մտահոգութիւնները, կարիքները, սպասումները իմանալը եւ այս բոլորէն անդին` ծառայութեան ճամբով եկեղեցին ժողովուրդին տանիլը հարազատ էութիւնը եւ կոչումը կը կազմեն եկեղեցւոյ», ըսաւ վեհափառը` Ազունիէի հիւանդանոց իր այցելութեան ընթացքին:
Արդարեւ, վեհափառը ոչ միայն տօներուն առիթով նուէրներ բաժնեց բոլորին, այլ նաեւ այցելութիւններու, հանդիպումներու եւ իր հայրական խօսքին ճամբով մխիթարեց բոլորը, մեր եկեղեցւոյ հոգածութիւնը արտայայտեց եւ մանաւանդ վստահեցուց բոլորին, թէ հայ եկեղեցին իր ժողովուրդին հետն է ու առաւելագոյն չափով կը փորձէ օգտակար ըլլալ անոր կարիքներուն:
Համալսարանական ուսանողներուն հետ իր ունեցած հայրական զրոյցին ընթացքին, վեհափառը շեշտեց հայ համայնքին ու եկեղեցւոյ կեանքին անոնց մասնակցութեան հրամայականը` եզրակացնելով, որ «երիտասարդութիւնը սիրտը կը կազմէ մեր հաւաքական կեանքին»:








All the contents on this site are copyrighted ©.