2011-12-28 13:43:09

Քրիստոնեաներուն Տեղափոխումները Վերջին Հարիւրամեակին


«Փիու» հիմնարկին կատարած մէկ ուսումնասիրութեան համաձայն, ներկայիս աշխարհի տարածքին կ՛ապրին 2.18 միլիառ քրիստոնեաներ, ինչ որ մոլորակի բնակչութեան գրեթէ մէկ երրորդն է: Այդ համեմատութիւնը գրեթէ անփոփոխ մնացած է վերջին հարիւրամեակին, սակայն Եւրոպայի տարածքին քրիստոնեաներու համեմատութիւնը նուազած է: Արդարեւ, մինչ 1910ին եւրոպացիներուն 94 տոկոսը քրիստոնեայ էր, ներկայիս այդ համեմատութիւնը 76 տոկոսի իջած է: Նաեւ, հարիւրամեակ մը առաջ աշխարհի քրիստոնեաներուն 66 տոկոսը Եւրոպա կ՛ապրէր, մինչ ներկայիս այդ համեմատութիւնը 25 տոկոսի իջած է: Ներկայիս Ամերիկաներուն մէջ կ՛ապրի քրիստոնեաներուն 37 տոկոսը:
Միաժամանակ, քրիստոնեաներու թիւի եւ համեմատութեան կտրուկ աճ արձանագրուած է Ափրիկէի մէջ, Սահարայէն հարաւ գտնուող երկիրներու տարածքին: Վերջին հարիւրամեակին, այդ համեմատութիւնը 9 տոկոսէն 63 տոկոսի բարձրացած է: Միայն Նիճերիան ունի 80 միլիոն քրիստոնեայ:
Քրիստոնեաներուն համեմատութիւնը ամենափոքրն է Միջին Արեւելքի ու Հիւսիսային Ափրիկէի մէջ, ուր քրիստոնեաները այժմ կը կազմեն բնակչութեան միայն 4 տոկոսը:
Հետազօտութեան տուեալներուն համաձայն, քրիստոնեաներուն մօտաւորապէս կէսը կաթոլիկ է: Բողոքականութեան կը դաւանի մնացեալ 37 տոկոսը, իսկ ուղղափառութեան՝ 12 տոկոսը: Քրիստոնէութիւնը կը մնայ մոլորակի ամենատարածուած կրօնը, իսկ երկրորդ դիրքը կը գրաւէ իսլամութիւնը, որ ունի 1.5 միլիառ հետեւորդ:








All the contents on this site are copyrighted ©.