2011-12-28 12:10:29

Միջ-Եկեղեցական Արարողութիւն՝ Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր Տաճարին Մէջ(ՊԸՐՊԷՆՔ)։


Առաջնորդ Յովնան Արք. Տէրտէրեանի հրաւէրով, Լոս Անճելըսի Կաթողիկէ եկեղեցւոյ թեմի միջ-եկեղեցական յարաբերութեանց վարիչ, եւ կարտինալ Հոզէ Կոմեզի ներկայացուցիչ հայր Ալեքսի Սմիթի ու Առաջանորդարանի կազմակերպչական յանձնախումբի աշխատանքներով, Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 6ին, Առաջնորդանիստ Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր Տաճարին մէջ տեղի ունեցած է միջ-եկեղեցական արարողութիւն մը, Աառաջնորդի հանդիսապետութեամբ :

Սրբազան հայրը ի սրտէ բարի գալուստ մաղթեց հոգեւորականներուն եւ հաւատացեալ ժողովուրդին եւ անգլերէնով տուաւ իր պատգամը: Ան նաեւ ներկայացուց ներկայ գտնուող հոգեւոր պետերը եւ աղօթքով յիշեց Մայր Տաճարի գլխաւոր բարերար, հանգուցեալ Լեւոն Պարոնեանը:
Մայր Տաճարի «Խաչատուրեան» երգչախումբը, ղեկավարութեամբ դպրապետ Ստեփան սրկ. Կէօզիւմեանի եւ երգեհոնահարութեամբ Գեղամ Աշճեանի, երգեց «Սուրբ, Սուրբ, Տէր Զօրութեանց»ը: Հայր Ալեքսի Սմիթ կատարեց բացման աղօթքը, որուն յաջորդեց Ղպտի Ուղղափառ եկեղեցւոյ առաջնորդին ներկայացուցիչ հայր Անճելոս Եուսէֆի «Տէր Ողորմեա»ն:
Միացեալ Մեթոտիստ եկեղեցւոյ Մերի Էն եպս. Սուենսըն կարդաց 19րդ Սաղմոսը, ապա երգչախումբը երգեց «Ամէն Հայր Սուրբ»: Քրիստոսի Միացեալ եկեղեցիէն պատուելի Ֆելիքս Վիանուվեւա Ս. Գրային ընթերցում մը կատարեց, ապա երգչախումբը երգեց «Տէր Ողորմեա»ն, իսկ հայր Ալեքսի Սմիթ Ս. Գրային այլ ընթերցում մը կատարեց:

Առաջնորդը այս արարողութեան ընթացքին յատուկ պատիւի արժանացուց Լոս Անճելըսի Եպիսկոպոսական եկեղեցւոյ առաջնորդ Ճան եպս. Պրունօ-ն: Առ ի գնահատութիւն անոր առաքելագործ ոգիին եւ ցուցաբերած ղեկավարութեան, Առաջնորդը անոր նուիրեց հայկական ոճով եպիսկոպոսական պանակէ մը՝ իրեն եւ ընտանիքին բարեմաղթութիւններ կատարելով:
Պրունօ Սրբազանը իր խորին շնորհակալութիւնները յայտնեց, աւեցնելով, որ իրեն համար հոգեկան երջանկութիւն է այցելել Արեւմտեան թեմի Առաջնորդարանը եւ մասնակցիլ միջ-եկեղեցական այս խորհրդաւոր արարողութեան:
Ապա, Հարաւային Քալիֆորնիոյ Ռաբբունիներու վարչութեան փոխ-նախագահ Ռաբունապետ Մարք Տայըմնտ, կարճ մէջբերում մը ըրաւ Հին Կտակարանէն, ու շնորհաւորական եւ յարգանքի խօսքերով արտայայտուեցաւ Պրունօ Սրբազանի մասին: Նաեւ, Հարաւային Քալիֆորնիոյ իսլամական Շուրա Խորհուրդի վարիչ տնօրէն Շեքիլ Սիտ ողջունելէ ետք ներկաները, շեշտեց Պրունօ Եպիսկոպոսի կրօններն ու համայնքները իրարու մօտեցնելու տեսիլքին կարեւորութիւնը:
Արարողութեան փակման աղօթքը կատարեց Լոս Անճելըսի Եպիսկոպոսական թեմի օգնական եպիսկոպոս Մերի Կլեսփուլ, որմէ ետք, երգչախումբին կողմէ երգուած «Գովեա՛ Երուսաղէմ զՏէր» շարականի ընաթցքին, հոգեւորականները ուղղուեցան դէպի «Փօլ եղբայրներ» անուան սրահը, ուր ջերմ մթնոլորտի մէջ տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն, որ պատրաստուած էր Մայր Տաճարի յատուկ ձեռնարկներու Յանձնախումբի Տիկիններուն կողմէ:








All the contents on this site are copyrighted ©.