2011-12-28 12:08:43

Արամ Ա. Կաթողիկոսի Նամակը Ուղղուած Նախագահ Սարքոզիին


Իբրեւ կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ, յատուկ ուրախութեամբ կ՛ողջունեմ Ֆրանսայի խորհրդարանին տուած վերջին որոշումը` Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծը վաւերացնող: Կ՛ողջունեմ նաեւ Ձեր վերջին յայտարարութիւնը Երեւանի մէջ, ուր դուք անգամ մը եւս արտայայտեցիք ֆրանսացի ժողովուրդին յստակ ու ամուր կեցուածքը Հայոց Ցեղասպանութեան պատմական իրողութեան մասին:
Կիլիկիոյ Հայերը յատկապէս զոհ դարձան ցեղասպանութեան եւ որուն հետեւանքով Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան պարտադրուեցաւ ձգել իր դարաւոր վայրը Կիլիկիոյ մէջ եւ հաստատուելու Անթիլիասի մէջ, Լիբանան:
Արդարեւ, Ֆրանսան մարդկային արժէքներու եւ մարդկային իրաւանց եւ արդարութեան նկատմամբ իր ունեցած հաւատարմութեամբ ու յանձնառութեամբ կը մնայ տիպար այն բոլոր երկիրներուն համար, որոնք տակաւին կը փորձեն ուրանալ Հայոց ցեղասպանութիւնը: Ժխտողական վերաբերումը այս պատմական իրողութեան նկատմամբ, պատճառ կրնայ հանդիսանալ նոր ցեղասպանութիւններու: Հետեւաբար, միջազգային համայնքը աւելի լուրջ մօտեցում պէտք է որդեգրէ Հայոց ցեղասպանութեան գծով, որ կը շարունակէ մնալ անպատիժ:
Ձեր եւ Ֆրանսային դիրքը, պրն. նախագահ, Հայոց ցեղասպանութեան նկատմամբ, կը մարմնացնէ Ֆրանսայի եզակի դերը միջազգային համայնքին մէջ` ի պաշտպանութիւն մարդկային իրաւունքներու:
Հաճեցէք, պրն. նախագահ, ընդունիլ հայ ժողովուրդին եւ անձնապէս Մեր խոր շնորհակալութիւնը Ֆրանսայի ժողովուրդին ու ֆրանսական պետութեան որդեգրած այս քաջ կեցուածքին համար:
Աղօթքով եւ օրհնութեամբ`
Արամ Ա. Կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ








All the contents on this site are copyrighted ©.