2011-12-28 12:05:59

«Կարկաչ» Երգչախումբը Ելոյթ Ունեցաւ «ՊէյրութըԿ’երգէ» Հոգեւոր Երաժշտութեան 4րդ Փռատօնին


«Պէյրութը կ’երգէ» հոգեւոր երաժշտութեան 4րդ փառատօնի նախաձեռնութիւններուն ծիրէն ներս, կազմակերպութեամբ «Սոլիտէր»ին, 25 Դեկտեմբերին Պէյրութի Ազգային աւետարանական եկեղեցւոյ մէջ «Աշխարհի գեղեցկութեան համար» խորագիրին տակ տեղի ունեցաւ Համազգայինի «Կարկաչ» մանկապատանեկան երգչախումբի համերգը, խմբավարութեամբ Զաքար Քէշիշեանի, դաշնակով երգչախումբին կ’ընկերակցէր Արմինէ Ապաճեան-Պասմաճեան:

Համերգի առաջին բաժինով ելոյթ ունեցաւ «Կարկաչ» մանկական երգչախումբը, որ երգեց հինգ երգեր` նուիրուած Ս. Ծնունդին եւ Ամանորին: Ապա, երկրորդ բաժինով ելոյթ ունեցաւ «Կարկաչ» պատանեկան երգչախումբը, որ ներկայացուց տօնական տասներկու երգ:
«Կարկաչ»-ի մեծաթիւ մանուկներն ու պատանիները աւանդոյթի վերածուած իրենց համերգով ներկաներուն հրամցուցին բազմալեզու դասական, ժողովրդային եւ հոգեւոր երգեր, որոնք նուիրուած են Ս. Ծնունդի տօնին եւ Ամանորին: Այդ երգերէն կարելի է նշել «Նոր տարին», «Տիեզերք»-ը, «Ալէլուիա»-ն, «Նոր տարուան տօնը», «Պէյրութ»-ը եւ այլն: Համերգը արժանացաւ հայ թէ ընդհանրապէս լիբանանցի հասարակութեան գնահատանքին եւ ծափահարութիւններուն:








All the contents on this site are copyrighted ©.