2011-12-27 13:47:07

Սուրբ Ծննդեան եւ Յարութեան Տօներուն Յաջորդող Տնօրհնէքը ։


Սուրբ Ծննդեան եւ Ս. Յարութեան տօներէն ետք հայոց մէջ տարածուած է տնօրհնէքի հոգեւոր-բարեպաշտական արարողութիւնը: Տնօրհնէքի արարողութիւնը մեզի հասած է առաքելական ժամանակներէն, երբ առաքեալները Քրիստոսի Համբարձումէն ետք կը շրջէին տուները` Քրիստոսի Ծննդեան ու Յարութեան աւետիսը տանելով բոլորին: Նոյն կերպ եւ առաքեալներու հետեւորդները` քահանաները, տարուան մէջ երկու անգամ` Ս. Ծննդեան Ութօրեակին , եւ Ս. Յարութենէն մինչեւ Հոգեգալուստ, կ’այցելեն իրենց վիճակուած համայնքներու հաւատացեալներուն տուները եւ կ’օրհնեն անոնց բնակարաններն ու ընտանիքի անդամները: Քահանայի այցելութեան իմաստը օրհնութենէն աւելի Քրիստոսի Ծննդեան աւետիսը ընտանիքներու մէջ սփռելն է:
Հայ Եկեղեցւոյ մէջ սահմանուած է տնօրհնէքի կարգ կատարել Ս. Ծննդեան եւ Ս. Յարութեան տօներէն ետք, ինչպէս նաեւ կը կատարուի նորակառոյց տան կամ հաստատութեան օրհնութիւն:
Ս. Ծննդեան տօներէն ետք կատարուող տնօրհնէքի ժամանակ քահանան՝ տուն մտնելով՝ կու տայ Փրկիչի Ծննդեան աւետիսը, կ’երգէ Մովսէս Խորենացի` Ս. Ծննդեան նուիրուած «Խորհուրդ մեծ եւ սքանչելի» շարականը եւ կ’ընթերցէ Ղուկասի Աւետարանէն Քրիստոսի Ծննդեան հատուածը (Ղուկ. Բ 8-20): Քահանան կ’օրհնէ տան ջուրը (մկրտութեան խորհրդանիշը), հացը եւ աղը (խաղաղութեան, առատութեան, բարեպաշտութեան խորհրդանիշերը), ինչպէս Քրիստոսը, աշխարհ գալով, օրհնեց ջուրը, երկիրը եւ անոր պտուղները: Քահանան օրհնուած ջուրը խաչաձեւ կը ցօղէ տան պատերուն եւ կը խնկարկէ տունը: Ապա կ’օրհնէ տան անդամները` անոնց համար պահպանութիւն հայցելով Աստուծմէ: Իբրեւ օրհնութեան համար տեսանելի եւ մնայուն նշանակ` քահանան սեղանին կը ձգէ տնօրինական պատկերով նշխար, որ կը պահուի ալիւրի կամ ձաւարեղէնի (կամ աղի) մէջ` իբրեւ տուեալ տան ունեցուածքի առատութեան, բերրիութեան եւ յաջողութեան նշան:
Ս. Յարութեան տօնէն ետք կատարուող տնօրհնէքի ժամանակ կը կատարուի օրհնութեան նոյն կարգը, սակայն կ’երգուի Ներսէս Լամբրոնացիի «այսօր յարեաւ ի մեռելոց» զատկական շարականը եւ կ’ընթերցուի Մատթէոսի Աւետարանէն յարուցեալ Քրիստոսի եւ անոր աշակերտներու` Գալիլիոյ մէջ հանդիպման հատուածը (Մատթ. ԻԸ 16-20):
Նորակառոյց տան օրհնութեան ժամանակ կ’երգուի Սահակ Պարթեւի` հոգեգալստեան «Այսօր երկնայինքն ուրախացան» շարականը, եւ կ’ընթերցուի Ղուկասի Աւետարանէն Յիսուսի` Զակքէոս մաքսապետի տուն այցելելու հատուածը (Ղուկ. ԺԹ 1-10):
Գրիգոր Տաթեւացիի բնորոշմամբ` տնօրհնէքի արարողութիւնը Ինքը` Յիսուս Քրիստոս հաստատած է, երբ Զատկի երեկոյեան փակ դռներու մէջէն մտաւ Վերնատուն եւ օրհնեց Իր աշակերտները: Այսպիսով, տնօրհնէքի արարողութեամբ հաւատացեալներու տուները Ս. Ծննդեան խորհուրդով կը վերածուին Բեթղեհեմեան այրի, Ս. Յարութեան խորհուրդով` Վերնատան, եւ նորակառոյց տան օրհնութեամբ` փրկութեան արժանացած մաքսաւոր Զակքէոսի տան, որովհետեւ Աստուած այցելեց այնտեղ:
Տնօրհնէքի արարողութեամբ Հայ Եկեղեցին նաեւ կ’արժեւորէ ընտանիքի նուիրականութիւնն ու կարեւորութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.