2011-12-27 13:44:15

Սարկաւագներու Ձեռնադրութիւն Մայր Աթոռ Սբ. Էջմիածինի Մէջ։


Մայր Աթոռ Սբ. Էջմիածինի մէջ Դեկտեմբեր 26ին նշուեցաւ Սբ. Ստեփանոս Նախավկայի եւ առաջին մարտիրոսի տօնը: Տօնին առիթով Մայր Տաճարին մէջ մատուցուեցաւ Ս. Պատարագ, որուն ընթացքին, ձեւաւորուած աւանդոյթին համաձայն, տեղի ունեցաւ սարկաւագական ձեռնադրութիւն:

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի օրհնութեամբ՝ Տ. Մուշեղ եպիսկոպոս Պապայեան կատարեց Գէւորգեան հոգեւոր ճեմարանի 29 սաներու, ինչպէս նաեւ Արարատեան Հայրապետական թեմի եւ Արագածոտնի թեմի երկու սպասաւորներու սարկաւագական ձեռնադրութիւնը:
Ձեռնադրութենէն ետք խօսած իր քարոզին մէջ՝ ձեռնադրող Սրբազան Հայրը՝ տօնին առիթով շնորհաւորեց նորընծաները եւ Մայր Աթոռի սարկաւագաց ողջ դասը: Սրբազան հայրը յորդորեց նորընծայ սարկաւագներուն, հոգեւոր կեանքի մէջ Ս. Ստեփանոսի օրինակը ունենալով՝ ամբողջովին նուիրուիլ Առաքելական Եկեղեցւոյ ու անոր հաւատաւոր ժողովուրդի սպասաւորութեան:
Տօնին առիթով Մայր Աթոռի բոլոր սարկաւագներուն Հայրապետական իր օրհնութիւնն ու հայրական պատգամը բաշխեց Գարեգին Բ. Հայրապետը: Շնորհաւորելով սարկաւագները Ս. Ստեփանոսի տօնին առիթով` Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը անդրադարձաւ Ս. Ստեփանոսի օրինակին ` նշելով, որ անմնացորդ ծառայանուիրումի լաւագոյն օրինակը այսօր կը ներկայանայ հոգեւոր սպասաւորներուն` յանձին Ստեփանոս Նախավկայի, որ իր կեանքը ընծայաբերեց եւ արիաբար հանդէս եկաւ Քրիստոսի Աւետարանի, վարդապետութեան պաշտպանութեամբ, իր խօսքով վկայեց Քրիստոսի կեանքի ճշմարտութիւնը եւ չտարակուսեցաւ զոհաբերել իր կեանքը:
«Այդպիսի անձերն են, որ կերտում են փառքը Քրիստոսի Եկեղեցու` նաեւ արժանանալով Տիրոջ ողորմութեանը... Մենք կարող ենք մարտիրոսութեան պսակը կրել մեր աշխատանքով ու նուիրումով, մեր ջանասէր եւ նախանձախնդիր գործունէութեամբ, մեր վարքով ու բարքով. Եկեղեցին այդպիսի նուիրեալների պէտք ունի»,- ըսաւ Նորին Սրբութիւնը` մաղթելով երիտասարդներուն, որ Նախասարկաւագի օրինակը ներշնչող ըլլայ անոր հոգեւոր առաքելութեան ճանապարհին, եւ մշտապէս արժանաւոր անձեր ըլլան Եկեղեցւոյ անդաստանին մէջ` գնահատուած, սիրուած ու մեծարուած ժողովուրդի կողմէ:
Նշենք որ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը ունի 136 սարկաւագներ , որոնց 86ը` Միաբանութեան շարքերուն, իսկ 50ը` Գէորգեան Հոգեւոր Ճեմարանին մէջ:







All the contents on this site are copyrighted ©.