2011-12-27 13:31:50

2011-ը "ՀԱՅ ՄԱՆՈՒԿԻ ՏԱՐԻ" Հռչակուած Արամ Ա.ին Վեհափառի Կողմէ։


2011 թուականը «Հայ մանուկի տարի» հռչակումէն ասդին, հայկական տարբեր գաղութներու մէջ կազմակերպուեցան զանազան ձեռնարկներ, ըլլան անոնք դասախօսական շարքեր, հանդիսութիւններ, խրախճանքներ, մրցոյթներ, տօնախմբումներ, եւայլն, հանդիսաւորապէս անդրադառնալու տարուան խորհուրդին ու անգամ մը եւս շեշտելու հայ մանուկին քրիստոնէական եւ հայեցի դաստիարակութեան կարեւորութիւնը։
Ամենամեայ աւանդական տօնակատարութիւններու շարքին է 1925-ին Ժընեւեան քոնկրէսի մէջ երեխաներու պաշտպանութեան համար հրաւիրուած համաշխարհային քոնֆերանսի ընթացքին վաւերականութիւն ստացած ՝՝Երեխաներու պաշտպանութեան միջազգային օրը՝՝ որը կը տօնուի 1950 թուականէն իր մէջ ներառելով մատաղ սերունդի հանդէպ դրսեւորուող ուշադրութեան ու պաշտպանութեան յատուկ վերաբերմուքի կատարելագործման խնդիրներուն ուղղուած հոգածութիւն եւ առաջնահերթ վերաբերմունքի դրսեւորումներ, որոնք առաւել տօնական տեսք ու շուք կը ստանան Երեւան կազմակերպուած զանազան միջոցառումներու, հրապարակային տօնակատարութիւններու, մանկական համերգներու ու ցուցահանդէսներու շնորհիւ։
Այսպէս ընձեռնուած է նաեւ Երեւանի Յովհաննէս Շարամբէեանի անուան Ժողովրդական ստեղծագործութեան կենտրոնու կողմէն ՀՀ հանրակրթական դպրոցներու երեխաներուն՝՝ ԱՇԽԱՐՀԸ ՄԱՆՈՒԿՆԵՐԻ ԱՉՔԵՐՈՎ՝՝ նկարչական ցուցահանդէսի կազմակերպման շնորհիւ, ուր իրենց ստեղծագործութիւններով ներկայացած էին Երեւանի Եղիշէ Չարենցի անուան, Մուշեղ Իշխանի անուան եւ Վանաձորի թիւ 121 դպրոցների սաները։ Երեխաներու աչքերով պատկերուած իւրաքանչիւր ստեղծագործութեան մէջ կը խօս էին հայրենիքը, աշխարհը, իրենց շրջապատող միջավայրը խաղաղութեան մէջ տեսնելու գունեղ ցանկութիւնները։
Մանկական այս ցուցահանդէսին համերգային կատարումներով իրենց մասնակցութիւնն բերած էին Թալինի երաշտական դպրոցի սաներն ու սանուհիները։








All the contents on this site are copyrighted ©.