2011-12-23 14:14:06

Ֆրանսայի Խորհրդարանը Վաւերացուց Հայոց Ցեղասպանութեան Ժխտումը Քրէականացնող Օրինագիծը։


Ֆրանսայի Խորհրդարանը երէկ( 22/12/2011) աւելի քան երեքուկէս ժամ տեւած քննարկումներէ ետք որդեգրեց Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծը, որ խորհրդարանին ներկայացուած էր երեսփոխան տիկին Վալերի Պուայէի առաջարկով: Միութիւն Յանուն Ժողովրդային Շարժումի կուսակցութենէն(UMP) հայազգի երեսփոխան Փաթրիք Տեւեճեան խորհրդարանին առջեւ իր արտասանած խօսքին ընթացքին յայտնեց, որ կարծիքի ազատութիւնը եւ քարոզչութիւնը պէտք չէ իրարու հետ շփոթել: Ան ընդգծեց, որ քննարկուող օրինագիծը ուղղուած է Հայոց ցեղասպանութիւնը ժխտող Թուրքիոյ պետական քարոզչութեան դէմ:
Նոր օրինագիծի համաձայն` Ֆրանսայի մէջ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ժխտողներուն մինչեւ մէկ տարուան բանտարկութիւն կը նախատեսուի եւ 45.000 Էուրօ տուգանք: Այժմ օրէնքը պէտք է հաստատուի Ծերակոյտի կողմէ։








All the contents on this site are copyrighted ©.