2011-12-23 12:57:45

Աստուածայայտնութեան տօնին օրը Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը եպիսկոպոս պիտի օծէ երկու առաքելական նուիրակ` դեսպաններ։


Աստուածայայտնութեան տօնին օրը` յունուար 6, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը պիտի հանդիսապետէ ս. պատարագը եւ որուն ընթացքին պիտի օծէ երկու առաքելական դեսպաններ` գերապայծառ Շառլս Պրաունը եւ գերապայծառ Մարէգ Սոլսինսքին, որոնք վերջերս նշանակուեցան առաքելական դեսպաններ` առաջինը Իրլանտային համար իսկ եկրորդը` Հայաստանի եւ Վրաստանին համար։ 50 տարեկան գերապայծառ Մարէգ Շոլսինսքին նախապէս եղած է խորհրդատու Ռուսիոյ, ՄԱԿի, Նիւ Եորքի, Թուրքիոյ, Չեխայի եւ Սպանիայի առաքելական դեսպանատուներու մօտ։








All the contents on this site are copyrighted ©.