2011-12-22 12:23:48

Պրազիլի ՔԱՄՓԻՆԱՍ Քաղաքը Ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ։


Պրազիլի Սան Փաուլօ նահանգի Քամփինաս քաղաքի քաղաքապետարանը պաշտօնապէս տեղեկացուց Պրազիլի մէջ Հայաստանի Դեսպանութեան, որ 16 դեկտեմբերին քաղաքապետ Տ. Վիլակրա ստորագրած է քաղաքային խորհրդարանի 20 նոյեմբերին ընդունած բանաձեւը` Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու վերաբերեալ:
Քաղաքապետի հաստատումէն եւ 19 դեկտեմբերին «Տիարիօ օֆիսիալ» պաշտօնաթերթին մէջ հրապարակուելէն ետք բանաձեւը ստացաւ օրէնքի ուժ, որուն համաձայն` 24 ապրիլը պիտի մտնէ քաղաքի յիշարժան տարեթիւերու օրացոյցին մէջ եւ իւրաքանչիւր տարի պիտի նշուի իբրեւ «1915 թուականի Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի օր»:
Քամփինաս ունի շուրջ 1 միլիոն 200 հազար բնակիչ, Սան Փաուլօ նահանգի արդիւնաբերական, գիւղատնտեսական եւ գիտամշակութային մեծ կեդրոններէն մէկն է եւ ունի փոքրաթիւ Հայկական Համայնք:








All the contents on this site are copyrighted ©.