2011-12-22 12:22:47

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի Գոծունէութիւնը


Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը Հինգշաբթի 22 դեկտեմբեր 2011 առաւօտեան ժամը 11ին Գլեմենթինա սրահին մէջ ունկնդրութիւն շնորհեց Կարտինալական դասին, Սուրբ Աթոռի Վերին Իշխանութեան եւ Վատիկանի կառավարուաթեն անոնց փոխանցելու Սուրբ Ծննդեան մաղթանքները։ Հանդիպումի սկիզբը խօսք առաւ Կարտինալական Դասի Երեց Կարտինալ Անճէլօ Սոտանոն որ իր յանուն կարտինաալական դասին շնորհաւորութեան ուղերձ յղեց Սրբազան հօր որուն մէջ նորոգեց իրենց հովուական յանձնառումը ծառայելու եկեղեցւոյ հաստատ գիտնալով թէ անոր որուն շատ տրուած է իրմէ շատ պիտի պահանջուի։ Կարտինալ Սոտանոն ապա շնորհակալութիւն յայտնեց սրբազան հօր որ կը շարունակէ իմաստութեամբ հովուել իրեն յանձնուած հօտը որպէս Բարի հովիւ։
Իր կարգին Նորին Սրբութիւնը խօսքը ուղղելով ներկաներուն նախ գոհունակութիւն յայտնեց հանդիպելու Սուրբ Աթոռի ընտանիքի անդամներուն հետ եւ ամէն մէկուն ներակայացուց շնորհակալական խօսք ծառայասէր առաքելութեան համար յատուկէն շնորհակալութիւն յայտնելով կարտինալական դասի գահերեցին` Կարտինալ Անճէլօ Սոտանոյին։
Ամէնքս յանձնառութեամբ կը գործենք համայնն աշխարհի մէջ տարածելու յոյսի եւ ուրախութեան աւետիսը չորս հրեշտակները հնչեցուցին Բեթղեէթմի մէջ երգը. << Փառք ի բարձունս Աստուծոյ եւ երկիր խախաղութիւն եւ մարդկանց յաճութիւն>>։ Սրբազան Քահանայապետը ապա անդրադրձաւ այսօրուայ մարտահրաւէրներու մասին` Եւրոպայի տնտեսական եւ հաւատքի տագնապին որոնք կը յարուցեն շատ մը հարցադրանքներ ըսաւ Ան։ Հուսկ խօսեցաւ նոր տարուայ կարեւոր գլխաւոր նիւթին մասին որ է ինչպ՞էս քարոզել Աւետարանը։ Նորին Սրբութիւնը խօսեցաւ 2011 կատարած հովուական ճամբորդութիւններու մասին որոնցմէ նշենք Գերմանիա եւ Ափրիկէ կատարած կարեւոր առաքեալկան այցելութիւնները ինչպէս նաեւ Մատրիտ կատարած այցելութիւնը երիտասարդոիւթեան համաշխարհային օրուայ առթիւ որուն մասին նորին սրբութիւնը երկարօրէն անդրադարձաւ, այդ փորձարութենէն գաղելով օրինակներ Նոր Աւետարանութեան վերաբերող որ Պենետիկտոս ԺԶ ամփոփեց հինգ կետերու մէջ։ Կաթողիկէութեան եւ եկեղեցւոյ Տիեզերականութեան նոր հանգրուան մը։ Ապրելակերպի նոր երեւոյթ մը որ կը կայանայ կամաւորական նուիրումի մէջ։ Սուրբ Հաղորդութեան հանդէպ պաշտամունքը որ դարձած է երիտասարդութեան համաշխարհային օրուայ գլխաւոր արարողութիւններէն մին ինչպէս նաեւ Խոստովանանքի եւ ապաշխարութեան խորհուրդի մատակարարումը։ Հուսկ երիտասարդութեան համաշխարհային օրուայ ամենակարեւոր ձատկանիշը որ է ուրախութիւնը որ կը բխի հաւատքէն։

Նորին Սրբութիւնը ապա ակնարկեց Ասիիզիի միջկրօնական հաւաքին գովաբանութիւն մատուցելով Տիրոջ որ թոյլ տուած էր որ Կրօններու պետերը միասնաբար հաւաքուին բարեկամական, համերաշխ, փոխադարձ յարգանքի եւ խաղաղ մթնոլորտի մէջ նորոգելու իրենց յանձնառումը ի սպաս արդարութեան եւ խաղաութեան։ Ու ի վերջոյ ըսաւ Նորին Սրբութիւնը եզրափակելով խօսքը շնորհակալութիւն կը յայտնեմ ձեզի որ նեցուկ կը կագնիք այն առաքելութեան զոր Տէրը յանձնեց մեզի ըլլալու Ճշմարտութեան վկաներ։ Բոլորիդ կը մաղթեմ Շնորհաւոր Սուրբ Ծնունդ։








All the contents on this site are copyrighted ©.