2011-12-22 12:23:35

Հայաստան Կը Ստանձնէ ՄԱԿ-ի Յատուկ Կոմիտէի Նախագահութիւնը։


ՄԱԿ-ի Արեւելա-Եւրոպական խումբը հաստատած է կազմակերպութեան մէջ ՀՀ մշտական ներկայացուցիչ, դեսպան Կարէն Նազարեանի թեկնածութիւնը` ՄԱԿ-ի Կանոնադրութեան յատուկ կոմիտէն 2012ի ընթացքին նախագահելու համար:
Յատուկ կոմիտէն կոչուած է քննարկելու կառավարութիւններէն ստացուած առաջարկները, որոնք ուղղուած են կազմակերպութեան գործունէութեան եւ նպատակներու իրականացման համար կարողութիւններու եւ արդիւնաւէտութեան բարելաւման:
Հայաստանին վստահուած այս մարմինի իրաւասութեան տակ կը գտնուին այն հարցերու քննարկումները, որոնք կը վերաբերին միջազգային խաղաղութեան ու անվտանգութեան պահպանման եւ ապահովման հարցերու շուրջ ՄԱԿ-ի եւ միջազգային կազմակերպութիւններու դերակատարութեան, Կանոնադրութեան VII գլուխին համաձայն պատժամիջոցներու կիրառման իբրեւ արդիւնք վնասներ կրած երրորդ երկիրներուն աջակցութիւն ցուցաբերելու հարցով ՄԱԿ-ի Կանոնադրութեան դրոյթներու կիրառման, պետութիւններու միջեւ վէճերու խաղաղ կարգաւորման եւ այլն:
Ի տարբերութիւն ՄԱԿ-ի միւս մարմիններուն, ՄԱԿ-ի Կանոնադրութեան Յատուկ Կոմիտէն իր որոշումները կ’ընդունի համընդհանուր համաձայնութեամբ:








All the contents on this site are copyrighted ©.