2011-12-22 12:11:05

Կենդանի Մսուր - ով Սկասւ Ս. Ծննդեան Տօներու Շարքը


Կենդանի Մսուրի հոգեպարար եւ գեղեցիկ արարողութիւնը դարձած է աւանդութիւն Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն վարժարանի մանկապարտէզի մեծ ընտանիքին համար։ Ամէն տարի, Ս. Ծննդեան տօներու սեմին մանկապարտէզի սիրասուն փոքրիկներու ուժերով, հետեւողութեամբ դաստիարակ ուսուցչուհիներու կը պատրաստուի իւրայատուկ բեմականացած, երգախառն ներկայացում մը, որ կը մատուցուի հաւատացեալներուն անմիջապէս Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ խորանէն։
Բողբոջէն Ծաղիկ դասարաններու բոլոր փոքրիկները անխտիր իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն այս հանդէսին, իւրաքանչիւրը իր դերով՝ մին դառնալով Հայր Յովսէփ, միւսը՝ Աստուածամայր, ուրիշներ՝ մոգեր ու հրեշտակներ։
Այս տարի ալ, Չորեքշաբթի, 21 Դեկտեմբերին առաւօտեան ջանասէր հայ փոքրիկները մեծ հաւատքով ու յուզումով ներկայացուցին «Կենդանի Մսուր»ը։ Անոնք պատմողական խօսքով ներկայացուցին Յիսուս Մանուկի Ծննդեան պատմութիւնը, եւ այդ պատմութիւնը զարդարեցին իրենց կենդանի ցուցադրութեամբ, տեղ-տեղ համեմելով իրենց հանդիսութիւնը Ս. Ծննդեան նուիրուած հայերէն, ֆրանսերէն եւ արաբերէն երգերու կատարումով։
«Կենդանի Մսուր» պատկերի աւարտին, բոլոր ներկայ հաւատացեալներուն, ծնողներուն, հարազատներուն, ուսուցիչներուն ու աշակերտներուն առջեւ խօսք առնելով, Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ՝ Հայր Սարգիս Վրդ. Դաւիթեան շնորհաւորեց բոլորը տօնական օրերուն առիթով, մաղթելով, որ իւրաքանչիւր ներկայ ծնող իր տան մէջ ունենայ հաւատոյ մսուրը, այն մաքրամաքուր հաւատով, ինչպէս էր այն փոքրերունը, որոնք ներկայացուցին օրուան «Կենդանի Մսուր»ը։
Այսպիսով Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն վարժարանը սկսաւ Ս. Ծննդեան տօնակատարութիւնները վարժարանէն ներս։








All the contents on this site are copyrighted ©.