2011-12-22 12:26:05

Երուսաղէմի Լատիններու ֆուատ Թուալ Պատրիարքի Ծննդեան Պատգամը։


Չորեքշաբթի 21 դեկտեմբեր 2011 առաւօտեան երուսաղէմի Լատիններու ֆուատ Թուալ պատրաիրքը մամուլին ներկայացուց ծննդեան առթիւ յղած իր պատգամը։
Պատրիարքը նախ համայն Սուրբ Երկրի բնակիչներուն (Իսրայէլ, Պաղեստին, Յորդանան եւ Կիպրոս) շնորհաւորեց Սուրբ Ծնունդի եւ ամնորի զոյգ տօները մաղթելով որ ըլլան յոյսի եւ խաղաղութեան տարի մը, ըլլայ` ձեր սրտերուն մէջ ըլլայ` ձեր ընտանեկան օճախներէն ներս եւ ըլլայ` ձեր երկիրներուն մէջ։ Պատրաիրքը հուսկ ողջունեց ներկայ լրագրողները անդրադարնալով ընկերային հաղորդամիջոցներու սահմանուած դերին այս վերջին ժամանակաշրջանի ընթացքին ու նա մանաւանդ հաղորդելու ճշմարտութիւնը։ Պատրիարքը ապա ներակայաուց տարւոյն հաշուէկշիռը մատնանշելով դրական եւ ժխտական երեւոյթները` կիսելով իր մտահոգութիւններն ու մարտահրաւէրները ինչպէս նաեւ նոր տարուայ ու ապագայի յոյսերը։
Ֆուատ Թուալ Պատրաիրքը իր պատգամին մէջ խօսեցաւ զանազան նիւթերու մասին ինչպէս միջկրօնական երկխօսութիւնը, միջեկեղեցական յարաբերութիւնները, Արաբական գառունը եւ քրիտոնեաներու կացութիւնը, ՄԱԿի ներկայացուած Պաղեստինի պետութեան ճանաչման հարցը, արտասահման կատարած իր հովուական այցելութիւնները ու գաղթականներու հովութեան հարցը։ Լատիններու Պտարիարքը եզրափակեց իր զրոյցը շնորհակալութիւն յայտնելով սուրբ երկրի մէջ գործող կրօնական հասարակութիւններուն ու նշելով յառաջիկայի կարերւոր ձեռնարկները ինչպէս 2012 Մեքսիքոյի մէջ կայանալիք Համաշխարհային Վեհաժողովը զբօսաշրջիկութեան Հովութեան մասին, 17-19 ապրիլ 2012 Լիբանանու մէջ գումարուած Ընկերային Հաղորդաշիջոցներու Համաշխարհային Վեհաժողովը. Միլանոյի Ընտանիքներու 7-րդ Համաշխարհային Հանդիպումը, Տուպլինի Սուրբ Հաղորդութեան 50րդ Ժողովը եւ 2012 հոկտեմբերի Հռոմի մէջ կայանալիք Նոր Աւետարանութեան նիւթին մասին եպիսկոպոսական սիւնհոդոսը։ Ապա հրաւիրեց քրիստոնեաները Սուրբ Երկիրի հանդէպ ցուցաբերելու սէր ու անոր զաւակներուն համար աղօթելու եւ ուխտագնացութիւն կատարելու Սուրբ Երկիր` Յիսուսի հայրենիքը որ ձեզի պէտք ունի ինչպէս դուք պէտք ունիք անոր։
Թող սուրբ ծնունդը ձեզի բերէ ուրախութիւն։








All the contents on this site are copyrighted ©.