2011-12-21 16:04:07

Սրբազան Հօր Սրտայոյզ Կոչը ի նպաստ Ահաւոր Մրրիկի Զոհ Փիլիպեաններուն, Որոնք Նիւթական Մեծ Վնասներ Կրեցին։


Իտալիոյ Եպիսկոպոսաց Համահաւաք Դասի նախագահութիւնը, ընդառաջելով Սրբազան Հօր կոչին, հրաւիրեց քրիստոնեայ հասարակութիւնը աղօթելու եւ նիւթական իր օժանդակութիւնը բերելու Փիլիպեան Կղզեախումբի աղետեալներուն, Իտալական Բարեգործական Կաթողիկէ Մարմին ՝՝Գարիթաս՝՝ի միջոցաւ։
Իտալիոյ Եպիսկոպոսաց Համահաւաք Դասի նախագահութիւնը, իր կարգին, դեկտեմբեր 20-ին, հրահանգեց մէկ միլիոն Էուրօ տրամադրել Փիլիպեան Կղզեախումբի բոլոր այն բնակիչներուն , որոնք աղէտաբեր մրրիկի պատճառաւ տնազուրկ եղան ։ Յայտնենք որ 2011-ին Փիլիփեան Կղզեախումբը մեծապէս տուժեց բնութեան աղէտներէն ։








All the contents on this site are copyrighted ©.