2011-12-21 15:59:34

Հայր Վարդան Եպս. Աշգարեանի Նուիրուած Մեծարանքի Երեկոյ։


Երեքշաբթի, 20 դեկտեմբերի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Հայ կաթողիկէ միութեան «Արարատեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ մեծարանքի հանդիսութիւն` նուիրուած Հայ կաթողիկէ համայնքի Պէյրութի պատրիարքական թեմի ընդհանուր փոխանորդ հայր Վարդան եպս. Աշգարեանի:
Քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք բացման խօսքը արտասանեց Զուարթ Նաճարեանը;
Ապա խօսք առաւ Մխիթարեան վարժարանի տնօրէն հայր Յովսէփ վրդ. Թոփալեան: Խօսելով գերապայծառ Աշգարեանի մասին` ան շեշտեց, որ Աշգարեան եպիսկոպոսը իսկապէս մեծ հայ մըն է, որովհետեւ իր կեանքը նուիրագործեց հայուն համար` ինքնուրոյն իմաստով եւ յարաճուն ապրումով:

Հայ կաթողիկէ Սրբոց Հռիփսիմեանց վարժարանի տնօրէն քոյր Արմինէ Մակարոսեան խօսելով գերապայծառին վաստակին մասին` Անարատ Յղութեան Հայ Քոյրերու Մմիաբանութեան կողմէ եղբայրական սիրոյ եւ յարգանքի տուրք մատոյց, նշելով որ ան իր կոչումով, բանաստեղծական գրիչով Քրիստոսը հաղորդած է եւ Մարիամի մեծութիւնը գովերգած:
Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի տնօրէն Կրեկուար Գալուստ անդրադառնալով գերապայծառ Աշգարեանի արժանիքներուն յայտնեց, որ իրեն համար կը բաւէր հայ ըլլալ եւ դառնալ իր հարազատը, հայուն հարազատը:

Աւարտին խօսք առաւ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Ներսէս Պետրոս ԺԹ. պատրիարքը: Ան ըսաւ, որ գերապայծառ Աշգարեան Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ, ինչպէս նաեւ Վիեննայի կազմաւորման օրրանը հանդիսացող Մխիթարեան միաբանութեան վերջին 5 տասնամեակներու պատմութեան վրայ ճառագայթող դրոշմ ձգած է: Ան նշեց, որ գերապայծառը հաւատարիմ խորհրդատու մը, խաղաղարար հոգի մը եւ արարատասէր կրօնաւոր մըն էր, սակայն ոչ մէկ պարտականութիւն ու պաշտօն կրցած են իր ուշադրութիւնը շեղել հայ նորահաս սերունդին վրայէն, որովհետեւ ազգի եւ համայնքին ապագան տեսած է իւրաքանչիւր հայ մանուկին մէջ:

Յայտնենք, որ գեղարուետական յայտագիրով ելոյթ ունեցաւ «Պլպուլ» մանկապատանեկան երգչախումբը` խմբավարութեամբ Մանուէլ Քեշիշեանի: Մարինէ Գրիգորեան ընկերակցութեամբ Ռուզաննա Գրիգորեանի կատարեց երկու երգեր:
Ժիւլի Մրատ, որ թարգմանած է գերապայծառ Աշգարեանի բանաստեղծութիւնները, արաբերէնով այս առիթով ասմունքեց անոր գործերէն հատուած մը:
Սարգիս Հալաճանէ (դաշնակ), Մարինէ Հալաճեանէ (ջութակ) եւ Գէորգ Քէշիշեանէ (սրինգ) կազմուած եռեակը մեկնաբանեց Ասթոր Փիազոլլայի «Լիպերթանկօ»-ն, ինչպէս նաեւ «Կռունկ» երգչախումբը` ղեկավարութեամբ դոկտ. Եդուարդ Թորիկեանի դաշնակի ընկերակցութեամբ Թամար Գասապեանի ներկայացուց խմբերգներ:
Մեծարանքի հանդիսութեան աւարտին շնորհաւորութիւններ ընդունուեցան Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանի դահլիճին մէջ:








All the contents on this site are copyrighted ©.