2011-12-21 15:59:55

Լիբանանի «Կռունկ» Երգչախումբը Ս. Ծննդեան Համերգին Ներկայացաւ Բազմալեզու Կատարումներով.


Հովանաւորութեամբ Հայ Կաթողիկէ համայնքի Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքի եւ կազմակերպութեամբ Հայ կաթողիկէ Ս. Փրկիչ Եկեղեցւոյ ժողովրդապետութեան, Դեկտեմբեր 18ին, Հայ կաթողիկէ «Յովհաննէս Պօղոսեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Ս. Ծննդեան համերգ` կատարողութեամբ Հայ կաթողիկէ «Կռունկ» միացեալ երգչախումբին:
Երգչախումբը ելոյթ ունեցաւ խմբավարութեամբ դոկտ. Եդուարդ Թորիկեանի՝ տարբեր լեզուներով ներկայացուց Ս. Ծնունդի հոգեւոր երգեր եւ շարականներ, որոնցմէ կարելի է նշել «Այսօր տօն է Ծննդեան», «Խորհուրդ մեծ եւ սքանչելի», «Քրիստոս ծնաւ», «Աւետիք»: Երգչախումբը նաեւ երգեց իտալերէն, արաբերէն, անգլերէն, Ֆրանսերէն եւ չինարէն տօնական երգեր:
Յայտագիրի վերջին բաժինով երգչախումբին միացաւ «Կռունկ» երիտասարդաց երգչախումբը. անոնք միասնաբար երգեցին երեք երգեր: Երգչախումբը արժանացաւ ներկաներու գնահատանքին:








All the contents on this site are copyrighted ©.