2011-12-21 16:05:32

Ինտոնեզիայի կաթողիկէները Ծննդեան շրջանին սկիզբ կու տան կամաւորական նախաձեռնութիւններու։


Ինտոնեզիայի կաթողիկէները Ծննդեան շրջանին սկիզբ կու տան կամաւորական նախաձեռնութիւններու, օգնութեան հասնելով քրիստոնեայ եւ ոչ-քրիստոնեայ կարիքաւորներուն, միաժամանակ սատարելով անվաճառ տնային շինութիւններուն, եւ այցելելով մեկուսացած ընտանիքները։ Անցեալ տարի Չիլաքաբի կաթողիկէ հասարակութիւնը նախաձեռնեց եւ յանձն առաւ ճամբաներու եզերքները ծառեր զետեղելու պատասխանատուութիւնը։ Նախաձեռնութիւն մը որ մեծ գոհունակութիւն պատճառեց անտառներու նախարարութեան ու տեղական ոստիկանութեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.