2011-12-21 13:25:46

ԷՋ ՄԸ ՀԱՅ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԵՆԷՆ
Նահապետ Քուչակ (?-1592).
Հայ ժողովրդական սիրերգութեան լուսապսակ ճակատը ։


Հայ գրականութեան ազգային ակունքներէն, յատկապէս հայոց ժողովրդական բանահիւսութենէն առած իր կենարար բխումով, անփոխարինելի տեղ կը գրաւէ եւ յաւերժութիւն նուաճած մեծ արժէք է ժառանգութիւնը Նահապետ Քուչակի։
Թէեւ շատ քիչ բան ծանօթ է հայ հանճարեղ աշուղ-երգիչի կենսագրութեան, մինչեւ անգամ անձին մասին, բայց մատենագիտական աղբիւրներու մէջ 1592-ը կը յիշատակուի իբրեւ մահուան թուականը Նահապետ Քուչակի, որ արժանաւորապէս կը հանդիսանայ Հայկեան Հանճարի միեւնոյն մետալին երեսներէն մէկը՝ անմահն Նարեկացիի հետ միասին։
Հայ գրականագիտութեան երախտաւորներէն Արշակ Չօպանեան եւ յատկապէս քսաներորդ դարու հայ մեծագոյն գրականագէտը հռչակուած Մանուկ Աբեղեան, իրենց կարգին, Նարեկացիի կողքին անպայման կը տեսնեն Քուչակը՝ իբրեւ հայ ժողովրդական բանաստեղծութիւնը արուեստի անհասանելի բարձունքին հասցուցած հանճարեղ քերթող։

Իրաւամբ այնքա՜ն նման եւ այնքա՜ն տարբեր ու ներհակ են Նարեկացի եւ Քուչակ։ Հայ հոգիի աղօթքին անփոխարինելի բանաստեղծը մեր ժողովուրդին ՝՝երկնաւոր սիրոյ՝՝ երգիչն էր։ Իսկ հայուն ՝՝երկրաւոր սէրը՝՝ անմահացնելու արուեստին մէջ անզուգական է մեծութիւնը Քուչակի։ Բայց երկուքն ալ հայ ժողովրդական բանահիւսութեան վրայ խարսխուած բանաստեղծական գեղեցկագոյն տաճարներ են, որոնք հայ հոգիին ազատ սաւառնումին թեւ եւ շունչ հաղորդեցին։

Հայ մատենագէտները ընդհանրապէս համամիտ են, որ Նահապետ Քուչակ ծնած էր 16րդ դարու սկիզբը (ծննդեան թուականը անյայտ է), Վան նահանգի Խառակոնիս գիւղը։ Թէեւ իբրեւ աշուղ ու տաղասաց սիրուած բանաստեղծ՝ Քուչակ տեւաբար շրջած է Հայաստան Աշխարհով մէկ, բայց իր կեանքի վերջալոյսին վերադարձած ու վախճանած է իր ծննդավայր գիւղին՝ Խառակոնիսի մէջ, որուն Ս. Թէոդորոս Եկեղեցւոյ շրջափակէն ներս գտնուած է իր գերեզմանը։

Մինչեւ մեր օրերը իր այժմէական հնչեղութիւնը կը պահպանէ եւ հայոց շրթներուն անբաժան երգի վերածուած է Նահապետ Քուչակի վերագրուած ՝՝Ղարիպը՝ Կռունկին՝՝ բանաստեղծութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.