2011-12-21 16:00:12

«ՀԱՅ ԴԱՏԻ Գրասենեակները Պիտի Աշխատին , Որպէսզի Նոյնանման Բանմաձեւեր Ներկայացուին Տարբեր Խորդրդարաններուն Մէջ » Կ՛ըսէ ՔԵՆ ԽԱՉԻԿԵԱՆ.


Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու Տան մէջ առաջին անգամ ըլլալով քննարկման դրուեցաւ բանաձեւ մը, որ կ՛անդրադառնայ քրիստոնէական, մասնաւորապէս հայկական եկեղեցիներուն, անոնց ինչքերը իրենց օրինական տէրերուն վերադարձնելուն:
13 դեկտեմբերին Ներկայացուցիչներու Տան կողմէ որդեգրուած թիւ 306 բանաձեւին նպատակը Թուրքիոյ նկատմամբ ճնշում բանեցնելն է, որպէսզի վերադարձուին հայկական եւ քրիստոնէական բոլոր միւս եկեղեցիները իրենց պատմական տէրերուն, անոնց մէջ թոյլատրուին արարողութիւններ կատարել, վերցուին կրօնական խտրականութիւնները, քրիստոնեայ համայնքներուն թոյլատրուի առանց սահմանափակումներու զբաղիլ եկեղեցիներու, պաշտամունքի այլ վայրերու, դպրոցներու, հիւանդանոցներու վերակառուցման աշխատանքներով:

Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Քեն Խաչիկեան կը յայտնէ, որ «մենք, անշուշտ, յոյս ունինք, որ Թուրքիա այս կոչին հետեւի: Հակառակ պարագային` անոնք դէմ պիտի երթան ոչ միայն իրենց, այլ նաեւ` միջազգային օրէնքներուն: Բացի անկէ` յառաջիկային պիտի աշխատինք, որպէսզի աշխարհի տարբեր երկիրներուն մէջ Հայ Դատի մեր գործընկերները նմանատիպ բանաձեւեր ներկայացնեն իրենց խորհրդարաններուն մէջ»:
Բանաձեւի հեղինակներն էին հանրապետական Էտ Ռոյս եւ դեմոկրատական Հաուըրտ Պըրման: Անիկա քոնկրեսի լիագումար նիստին քննարկումի եւ քուէարկութեան դրուած էր Ներկայացուցիչներու Տան մեծամասնութեան ղեկավար Էրիք Քանթորի նախաձեռնութեամբ:








All the contents on this site are copyrighted ©.