2011-12-20 13:16:03

Իսրայէլ Ազատ Արձակեց 550 Պաղեստինցի Բանտարկեալներ,ընդ որս 55 անչափահասներ։


Իսրայէլ Համասի հետ գոյացած բանտարկեալներու փոխանակման համաձայնութեան երկրորդ եւ եզրափակիչ հանգրուանը գործադրելով, ազատ արձակեց 550 պաղեստինցի բանտարկեալներ ր,ընդ որս 14-էն 17 տարեկանի միջեւ եղող 55 անչափահասներ։ :
Երկու կողմերուն միջեւ եգիպտական միջնորդութեամբ գոյացած համաձայնութեան ծիրին մէջ Համաս արդէն ազատ արձակած է իր կողմէ 5 տարի առաջ գերեվարուած իսրայէլացի զինուոր Կիլատ Շալիթը` իսրայէլեան բանտերուն մէջ արգելափակուած հազար պաղեստինցի բանտարկեալներու դիմաց:
Նշենք, որ վերոնշեալ հազար բանտարկեալներու շուրջ կէսը ազատ արձակուած էին Կիլատ Շալիթի հետ միատեղ: Իսրայէլ արդէն յայտարարած է, որ ազատ արձակուած պաղեստինցիներու շարքին ահաբեկչութեան համար դատապարտուած պաղեստինցի զինեալներ չկան:








All the contents on this site are copyrighted ©.