2011-12-20 13:08:16

Արաբ Դիտորդները Կը Հասնին Դամասկոս. Սուրիոյ Ընդդիմութիւնը Դժգոհ ։


Սուրիա Գահիրէի Արաբական Լիկայի կեդրոնատեղիին մէջ ստորագրեց Սուրիոյ մէջ արաբ դէտերու առաքելութեան օրինական շրջագիծը ճշդող արձանագրութիւնը: Արձանագրութիւնը ստորագրուեցաւ Սուրիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Ֆայսալ Մըքտատի եւ Արաբական Լիկայի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ Ահմետ պըն Հըլիի կողմէ` ներկայութեամբ Լիկայի ընդհանուր քարտուղար Նեպիլ Արապիի:
Արաբական Լիկայի աղբիւրներ կը նախատեսեն, որ Սուրիոյ հետ գործակցութեան համաձայնագրի պայմաններուն համաձայն, արաբ դիտորդներ յառաջիկայ 72 ժամուան ընթացքին կը հասնին Դամասկոս:
Միւս կողմէ Սուրիոյ ընդդիմութեան ղեկավարները յայտարարեցին, որ Արաբական Լիկայի հետ գործակցութեան համաձայնագիրը ստորագրելու քայլը նախագահ Ասսատի մէկ խուսափումն է. անոնք կոչ ուղղեցին արաբական երկիրներուն, ձեռնարկելու աւելի ազդու եւ վճռական քայլեր:
Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուալիտ Մուալլէմ իր կարգին ըսաւ, որ իր երկիրը նոր գործակցութեան մը սկիզբը կը դնէ Արաբական Լիկային հետ, Սուրիոյ գերիշխանութիւնը պահպանուած պահելու սկզբունբքին հիման վրայ:









All the contents on this site are copyrighted ©.