2011-12-20 12:14:35

2011-ը "ՀԱՅ ՄԱՆՈՒԿԻ ՏԱՐԻ" ։ Հռչակուած Արամ Ա.ին Վեհափառի Կողմէ։
Ազգային «ՅԱՌԱՋ-Գ. ԿԻՒԼՊԷՆԿԵԱՆ» Քոլէճ. Այնճարի Մանուկները Վայելեցին «ՀԱՅ ՄԱՆՈՒԿԻՆ ԻՐԱՒՈՒՆՔԸ» Երգախառն Թատերախաղը։


«Յառաջ» վարժարանի փոքրիկները` դերասաններուն հետ
Եզրափակելով Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին հռչակած «Հայ մանուկի տարի»ն, Ազգային «Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան» քոլեճի հրաւէրով ու կազմակերպութեամբ, Այնճարի մանուկները գեղեցիկ առիթը ունեցան հանդիսատես ըլլալու Կիրակնօրեայ դպրոցներու վարիչ մարմինին ներկայացուցած «Հայ մանուկին իրաւունքը» երգախառն թատրոնը` կատարողութեամբ «Ծիածան» մանկապատանեկան թատերախումբին եւ բեմադրութեամբ Յարութ Հարպոյեանի:
Բարի գալուստի խօսքով հանդէս եկաւ «Յառաջ» մանկապարտէզի վարիչ-մանկապարտիզպանուհի Լենա Սթամպուլեան, որ ողջունելով հանդիսատեսները, թատերախումբն ու անոր բեմադրիչն ու պատասխանատուները` անդրադարձաւ մանուկներու իրաւունքներուն եւ շեշտեց այդ իրաւունքները մնայուն խնամքի ու հոգածութեան տակ պահելու անհրաժեշտութիւնը: Իր խօսքը ուղղելով փոքրիկ հանդիսատեսներուն` ան կոչ ուղղեց պահանջատէր ըլլալու իրենց մարդկային եւ ազգային իրաւունքներուն, որպէսզի անհատականութիւնները անխափան եւ անխարդախ ծաղկին:
Այնուհետեւ հանդիսատեսներուն ուշադրութիւնը սեւեռուած մնաց բեմին վրայ կատարուող անցուդարձներուն եւ կերպարներուն` արեւմտեան անտառի թագաւորին, ձերբակալուած մանուկին եւ անոր պաշտպաններուն ու ընկերներուն, ինչպէս նաեւ հետաքրքրական դատավարութեան մը:
Հետաքրքրութիւն պահող, դաստիարակիչ բազմաբնոյթ պատգամներով ու գեղարուեստական բարձրաճաշակ մշակումով թատերախաղը հանդիսատեսները լարուած պահեց մինչեւ աւարտ. իսկ թատերախաղի երգախառն տեսարանները խանդավառութիւն ստեղծեցին: Ներկաները բարձր գնահատեցին նաեւ փոքրիկ դերասաններու համարձակ եւ վարպետ խաղարկութիւնը:
Աւարտին, վարիչ մանկապարտիզպանուհի Լենա Սթամպուլեան շնորհակալութիւն յայտնելով հրաւէրի ընդառաջումին եւ այս գեղեցիկ պահին համար, բեմ հրաւիրեց դերասաններն ու նաեւ բեմադրիչ Յարութ Հարպոյեանը։








All the contents on this site are copyrighted ©.