2011-12-19 13:25:44

Փիլիպեան Կղզիներու Մէջ Ողողումներու եւ Հողի Սահքի Զոհերու Թիւը Կը Բարձրանայ։


Փիլիպեան Կարմիր Խաչը կը հաղորդէ, որ Հարաւային Փիլիպեանները հարուածած ողողումներէն եւ հողի սահքերէն վերապրողներու փնտռտուքը կը շարունակուի, մինչ զոհերուն թիւը բարձրացած է աւելի քան վեց հարիւրի: Ըստ կարգ մը տեղեկութեանց, զոհերուն թիւը աւելի քան 650է ,իսկ անհետացած անձերու թիւը 800,կան նաեւ 35 հազար տեղահանուած բնակչութիւն։
Ուրբաթ օր Մինտանաու Կղզին հարուածած արեւադարձային փոթորիկին պատճառով գիւղեր եւ քաղաքներ քանդուեցան: Զոհերուն մեծամասնութիւնը Քակայան տէ Օրօ եւ Լլիկան ծովեզերեայ քաղաքներէն են:








All the contents on this site are copyrighted ©.