2011-12-19 13:18:48

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբզան Քահանայապետը Մօտիկութիւն կը Յայտնէ Փիլիպեան Կղզեախումբի Բնակչութեան։


Կիրակի 18 դեկտեմբեր 2011 Կէսօրին Հռոմի Ռէպիպիա Բանտի կատարած այցելութեան աւարտին Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը վերադարձաւ Վատիկան ու իր գրասենեակի պատշգամէն արտասանեց Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը Սուրբ Պետրոսի հրապարակը համախմբուած հազարաւոր հաւատացեալներու ներկայութեամբ։ Աղօթքի աւարտին Նորին Սրբութիւնը զանազան լեզուներով ողջունեց ներկաները յատուկէն յայտնելով իր մօտիկութիւնը Փիլիպեան կղզեախումբի բնակչութեան որ զոհ գացին արեւադարձային փոթորիկէ մը եւ պատճարեց հարիւրաւոր զոհեր։ Կ՛աղօթեմ զոհերուն համար ըսաւ Սրբազան Հայրը եւ մասնաւորապէս երախաներուն եւ անտուններուն։
Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայաոլտը ապա օրուայ խորհրդածութիւնը կեդրոնացուց Սուրբ Ծննդեան պատրաստողական շրջանի վերջին այս շաբթուայ վրայ մաղթելով որ <<Այս օրերուս աղմուկն ու իրարանցումը արգելք չի հանդիսանան տեսնելու եւ հասկնալու էականը որ է ` իմանալ թէ Աստուած կու գայ իր ժողովուրդը փրկելու։








All the contents on this site are copyrighted ©.