2011-12-19 13:20:57

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի Գործունէութիւնը։


Երկուշաբթի 20 դեկտեմբեր 2011 առաւօտեան ժամը 11ին Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենաեկի մէջ ընդունեց Բարակուայի նոր դեսպանը` Տիար Էսդէպան Գիսկոժիչ` հաւատարմագրերու ներկայացումի առիթով։
Ապա Նորին Սրբութիւնը ժամը 11.20 ընդունեց Կարտինալ Անճէլօ Ամաթոն` կառավարիչը Սուրբերու Դատի Ժողովի ։ Հուսկ ժամը 12.15 Գոնչիսթորօ սրահին մէջ Նորին Սրբութիւնը ունկնդրութիւն շնորհեց Իտալական <> Կաթողիկէ բանւորական երիտասարադաց կազմակերպութեան անդամներուն, որոնք Սրբազան Հօր ներկայացուցին Սուրբ Ծնունդի եւ Ամանորի բարեմաղթութիւնները։ Պատուիրակութիւնը կազմուած էր իտալական 12 թեմերու <> յի թեմական կեդրոններու 44 ներկայացուցիչներէ` գլխաւորութեամբ կազմակերպութեան ազգային նախագահ ֆրանքօ Միանոյի, Հոգեւոր Հովիւ գերապայածառ Տոմէնիքօ Տի Բալէսդիրնայի եւ <>յի Հռոմի ընդհանուր վարիչ Աննա Թերեզա Պորրէլլիի։
Հանդիպումի ընթացքին երիտասարդները ուզեցին Սրբազան Հօր հետ կիսել իրենց Յունուար 2012 << խաղաղութեան ամիս>> բարեսիրական ծրագիրը որ կը կայանայ դրամահաւաք մը կատարելով ու հաւաքուած գումարը յատկացնելով Պոլիվիայի Էլ Ալթօ շրջանի մանուկներուն համար մատենադարանի մը կառուցման`։








All the contents on this site are copyrighted ©.