2011-12-19 13:25:05

Գահիրէի Մէջ Բախումները Կը Շարունակուին։


Եգիպտոսի մայրաքաղաք Գահիրէի մէջ երրորդ օրն ըլլալով ցուցարարներուն եւ ապահովական ուժերուն միջեւ բախումները շարունակուեցան : Բախումներուն պատճառով առնուազն ութ զոհեր եւ հարիւրաւոր վիրաւորներ արձանագրուեցան եւ շէնքեր հրկիզուեցան:
Հրկիզուող շէնքերուն շարքին էր Եգիպտոսի Արխիւներու հիմնարկը, ուր աւելի քան 200-ամեայ արժէքաւոր ազգային արխիւներ հրկիզուեցան, այսպէս վերջ տալով 160 գիտնականներու 17-ամեայ աշխատանքին:
Բռնարարքները շուքի տակ դրին փետրուարին նախագահ Հիւսնի Մուպարաքի իշխանութենէն հեռացումէն ետք երկրին խորհրդարանական առաջին ընտրութիւնները: Ցուցարարները կը պահանջեն Զինեալ Ուժերու Գերագոյն Խորհուրդի իշխանութենէն հեռացումը:








All the contents on this site are copyrighted ©.