2011-12-18 12:56:15

Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի Ընդհանուր Քարտուղարի Ծննդեան Պատգամը։


Յիսուսի Ս. Ծննդեան տօնին առթիւ վերապատուելի Օլավ Թվէյդ` ընդհանուր քարտուղարը Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդին, իր պատգամը ուղղեց ՝՝հրաւիրելով բարի կամքի տէր մարդիկը աշխատելու երկրի մէջ խաղաղութեան հաստատումին ի խնդիր՝՝։
Հրեշտակներու կանչը(կարագրուած Ս. Ղուկասի Աւետարանին մէջ) մեզ կը հրաւիրէ Աստուծոյ Փառքը փնտռելու եւ աշխատելու 21րդ դարու արդար խաղաղութեան համար։ Խաղաղութիւնը ( կը գրէ վերապատուելի Օլավ Թվէյդ իր պատգամին մէջ ) կը պատկանի զանազան կրօններու, հետեւաբար խաղաղութիւնը կեդրոնական արժէք ունի բոլոր կրօններուն համար։ Միջ-կրօնական երկխօսութիւն կազմակերպելով մենք կը միտինք լուծում մը գտնել՝ աշխարհի հարցերուն եւ ընդհարումներուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.