2011-12-17 14:00:55

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Գործունէութիւնը ։


Շաբաթ 17 դեկտեմբեր, առաւօտեան ժամը 11ին Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Եպիսկոպոսներու Ժողովի կառավարիչ` Կարտինալ Մարք Ուելլէ-ն։ Ապա ժամը 11.30 Նորին Սրբութիւնը ունկնդրութիւն շնորհեց Խաղաղական Կղզեախումբի Եպիսկոպոսասաց Համահաւաք Դասի եպիսկոպոսներուն որոնք Հռոմ եկած են կատարելու իրենց հնգամեայ կանոնական այցը Սուրբ Պետրոսի յաջորդին։
Այսօր Իտալիոյ Նափոլի քաղաքը կը նշէ թեմական եկեղեցւոյ Յոբելենական տարւոյն փակումը, եւ այս առթիւ երեկոյեան ժամը 18.30 Նաբոլիի Աթոռանիստ Եկեղեցւոյ դռներու բացումէն անմիջապէս ետք, մեծ պաստարներու միջոցաւ պիտի պատկերասփռուի Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի Նաբոլիի հաւատացեալներուն այս առթիւ ուղղած պատգամը ։








All the contents on this site are copyrighted ©.