2011-12-17 14:02:01

Շարժանկարի Հոլիուտի Հայ Գործիչներու Հաւաք Լոս Անճելըսի Մէջ։


Լոս Անճելըսի մէջ ՀՀ գլխաւոր հիւպատոսութեան նախաձեռնութեամբ կայացաւ Հոլիուտեան շարժանկարի հայ գործիչներու հաւաքը, որուն ներկայ էին հոլիուտեան յայտնի դերասաններ Մարքօ Խան, Քէն Դաւիդեան, շարժանկար արտադրողներ Վալերի Մըքքէֆրի, Քառլա Կարապետեան, բեմադրիչ, սենարիստ Էրիք Նազարեան, «Արփա» միջազգային փառատօնի հիմնադիր Սիլվիա Մինասեան եւ այլոք:
Ինչպէս կը յայտնեն ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի ծառայութենէն, հանդիպման նպատակն էր ի մի բերել հայկական ծագում ունեցող գործիչներու կողմէ 2011ի ընթացքին կատարուած աշխատանքը, որ կը ներառէ անցնող տարուան ընթացքին պաստառ բարձրացած շարժանկարները, հայ սենարիստներու նոր գործերը, ամերիկեան նախագիծերուն հայ դերասաններու մասնակցութիւնը, միջազգային փառատօններու մէջ ունեցած յաջողութիւնները:
Հաւաքին ընթացքին Լոս Անճելըսի մէջ ՀՀ գլխաւոր հիւպատոս Գրիգոր Յովհաննիսեան Սիլվիա Մինասեանին յանձնեց ՀՀ Մշակոյթի նախարարութեան մետալը, որուն ան արժանացած է հայկական գետի անունով` Հոլիուտեան չափանիշներուվ Միջազգային Փառատօն հաստատելու եւ Հայաստանցի շարժանկարի սկսնակ գործիչներու համար ճանապարհ հարթելու ջանքերուն համար:








All the contents on this site are copyrighted ©.