2011-12-17 14:04:29

Մարդու Իրաւունքներու Կաթողիկէ Մէկ Պատասխանատուն, Սպաննուած Հնդկաստանի Օրիսա քաղաքը։


Կրօնուսոյց եւ մարդու իրաւունքներու պատասխանատու 47 տարեկան Բարիշան սպաննուած է Արեւելեան Հնդկաստանի Օրիսսա քաղաքին մէջ, ծայրայեղ Ինտուներու ձեռքով (կը հաղորդագրէ ֆիտես կաթողիկէ միսիոնարական գործակալութիւնը) ։
Ի լուր այս ողբերգութեան տեղւոյն թեմի առաջնորդը Գերապայծառ Պարվա խորապէս ցնցուած է,անոր համար որ այս Հնդիկ կրօնուսոցը Բարիշան օգնութեան կը հասնէր շրջանի բոլոր գիւղերու բնաչկութեանց ։ Ան հովուական եւ ընկերային գործօն մասնակցութիւն կը բերէր անոնց մօտ։ Յայտնենք որ 2011ին ընթացքին ասիկա երրորդ անգամն է Օրիսսա շրջանին մէջ պատասխանատու քրիստոնեայ մը կը սպաննուի։








All the contents on this site are copyrighted ©.