2011-12-17 14:05:16

Հռոմի Թեմի Սուրբ Պատարագը ֆրանսային համար։


Հռոմի թեմի Առաջնորդը Կարտինալ Օգոստինոս Վալլինի 13 դեկտեմբերին գլխաւորեց աւանդական Սուրբ Պատարագը ''ֆրանսային համար'' Հռոմի Աթոռանիստ Եկեղեցւոյ մէջ (Լատերանեան Սուրբ Յովհաննու Տաճարը) ։ Պատարագին ներկայ էին Ս. Աթոռի մօտ հաւատարմագրուած դիւանագէտները ինչպէս նաեւ ֆրանսայի աւագանիները։ Կարտինալը իր քարոզին մէջ ընդգծեց որ Եկեղեցին, ֆրանսային մէջ, ինչպէս այլուր, փոքրիկ հօտ մըն է որ մշտաեւ Քրիստոսի Աւետարանը կը քարոզէ։ Քրիստոնեաները թէեւ մեծամասնութիւնը չեն կազմեր, սակայն անոնք կը մնան գործօն փոքրամասնութիւն մը որ ունի պատմական արժէքներով հարուստ ժառանգութիւն մը։
Յայտնենք, որ Հռոմի թեմը, ամէն տարի նոյն թուականին ֆրանսայի համար պատարագ կը մատուցանէ։








All the contents on this site are copyrighted ©.