2011-12-17 14:01:52

Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի Կեդրոնական Մարմնի Գործունէութիւնը։Լիբանան։


Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի կեդրոնական մարմինը այս շաբթուան ընթացքին այցելեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին, Հայ կաթողիկէ հոգեւոր տէր Ներսէս-Պետրոս ԺԹ. պատրիարքին եւ Միջին Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան նախագահ վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեանին:
100-ամեակի մարմնի անդամները հոգեւոր պետերուն ներկայացուցին մարմնի գործունէութեան ընդհանուր ուղղութիւնները: Անոնք արծարծեցին համագաղութային մակարդակի վրայ Ցեղասպանութեան թեմայով տեղի ունենալիք զանազան տեսակի նախաձեռնութիւնները համադրելու կարելիութիւնները եւ աշխատանքները ընդհանուր ռազմավարութեան մէջ տեղադրելու անհրաժեշտութիւնը:
Հայ հոգեւոր պետերը գոհունակութիւն յայտնեցին գաղութի հիմնական կառոյցներու ներկայացուցիչներու համախմբուած աշխատանքին երեւոյթին առիթով եւ մաղթեցին, որ Ցեղասպանութեան 100-ամեակի ծիրին մէջ կատարուելիք պահանջատիրական, քարոզչական, հրատարակչական թէ տարբեր բնոյթի աշխատանքները ստանան՝ նպատակաուղղուած ընթացք:









All the contents on this site are copyrighted ©.