2011-12-17 14:03:35

Կարտինալ Թուրքսոն առաւել Ժողովրդավարութիւն եւ Ընկերային Արդարութիւն կը Յուսայ Ենթասահարեան Ափրիկէի համար ։


Մամուլին ներկայացնելով Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին 2012-ի Խաղաղութեան Պատգամը­ կարտինալ Թուրքսոն` նախագահը ՝՝Արդարութիւն եւ Խաղաղութիւն՝՝ կոչուած Քահանայապետական Խորհուրդին ըսաւ. Կ՝աղօթեմ որպէսզի առաւել ժողովրդավարութիւն եւ ընկերային արդարութիւն հաստատուի Ենթասահարեան Ափրիկէի մէջ։ Իր կարգին` Խորհուրդին ընդհանուր քարտուղարը` Գերապայծառ Մարիօ Թոզօ մատնանշեց որ Արաբական աշխարհի ժողովրդավարութիւնը չի համապատասխանէր Եւրոպացիներու մօտեցումին եւ ըմբռնումին։ Խօսելով Եւրոպայի տագնապին մասին Գերապայծառ Թոզօ ըսաւ որ ՝՝Եւրոպան ուղիղ ճամբու վրայ չէ, քանի տագնապը լուծելու համար հարկաւոր է առաւել համագործակցութիւն պետութիւններու միջեւ եւ աւելի ամուր հաստատութիւններու ստեղծումը՝՝ քննադատելով կարգ մը երկիրներու ձեռնամխումը եւ գերակայութիւնը տագնապին լուծումի գծով ։
Յայտնենք որ անցեալ հոկտեմբերին ՝՝Արդարութիւն եւ Խաղաղութիւն՝՝ անուան Քահանայապետական Խորհուրդը առաջարկած էր ստեղծումը Համաշխարհային Հանրային Իշխանութիւն մը դարման գտնելու դիտաւորութեամբ ֆինանսական ներկայ տագնապին։








All the contents on this site are copyrighted ©.