2011-12-17 14:06:36

''Արաբական Գարունը'' Տեղւոյն Քրիստոնեաներուն համար Չըլլայ '' ՔրիստոնԷական Ձմեռ մը''։


Դեկտեմբերի սկիզբը Լիբանանի մայրաքաղաքին մէջ Խորհրդաժողով մը տեղի ունեցաւ նախաձեռնութեամբ Բողոքական Գաղթականութեան Համաշխարհային Ցանցին։ Ղպտիներու բողոքական եկեղեցւոյ մէկ ներկայացուցիչը Դաւիթ Եուսէֆ հարց տուաւ ըսելով ''Արաբական գարունը'' միթ՞է հոն ապրող քրիստոնեաներուն համար պիտի դառնայ ''քրիստոնէական ձմեռ մը''։ Ան ցաւով յայտնեց որ ներկայիս Եգիպտոսի մէջ ականտես են քրիստոնեաներու զանգուածային գաղթին, ի տես ծայրայեղ մահմետականներու իշխանութեան գլուխ գալուն ։ Եգիպտոսի քրիստոնեաները մշտատեւ հարստահարում կը կրեն եւ զոհ են խտրականութեան։
Ղպտիներու մեծ սփիւռքը ՄԱԿ-էն միջազգային պաշտպանութիւն խնդրած է։








All the contents on this site are copyrighted ©.