2011-12-16 13:44:47

Ղարաբաղի Անկախութեան 20-Ամեակը Հնդկաստանի Մէջ։


Դեկտեմբեր 10-ին (2011) Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան անկախութեան հանրաքուէի օրը, Հնդկահայ համայնքը եւ Կալկաթայի Հայոց մարդասիրական ճեմարանը մեծ հանդիսութեամբ տօնեցին Ղարաբաղի անկախութեան 20-ամեակը, որը կը կրէր ՝՝Ղարաբաղ, ես քեզ Կը Սիրեմ՝՝ խորագիրը։
Բեմահարթակի վրայ, Մարդասիրական Ճեմարանի սաները Արցախի հանդէպ ունեցած իրենց սէրը արտայայտեցին հայրենասիրական շարք մը ստեղծագործութիւններով։
Ձեռնարկը վերջ գտաւ Հնդկահայոց հոգեւոր հովիւ` Խորէն վարդապետ Յովհաննիսեանի օրհնութեան խօսքով։ Հայր Սուրբը իր խօսքին մէջ յատկապէս ընդգծեց որ ՝՝Ղարաբաղի ազատագրումը եւ անկախութեան հռչակումը բացառիկ պատմական կարեւորութիւն եւ նշանակութիւն ունի՝ աշխարհասփիւռ հայութեան համար՝՝։








All the contents on this site are copyrighted ©.