2011-12-16 13:44:35

Հայաստան Շրջափակուած Կը Մնայ Հայոց Ցեղասպանութեան Հետեւանքով. Այսպէս Կ՝արտայայտուի Աւստրալիոյ Խորհրդարանի Պատգամաւոր Էնտրիւ Ռոհան։


Աւստրալիոյ խորհրդարանի Սմիթֆիլտի օրէնսդրական պալատի անդամ Էնտրիւ Ռոհան խորհրդարանին մէջ իր ելոյթին ընթացքին յայտարարած է, որ Օսմանեան կայսրութեան կողմէ իրականացուած Հայոց Ցեղասպանութեան հետեւանքով ժամանակակից Հայաստանը կը շարունաակէ մնալ շրջափակուած: Այս մասին կը յայտնէ «Հայերն Այսօր»ը։
Ռոհան, որ իր պատգամաւորական լիազօրութիւնը ստանձնած է 2011 Մարտին, խորհրդարանին մէջ բարձրացուցած է Հայոց Ցեղասպանութեան հետեւանքներու շարունակական ազդեցութիւնը Հայաստանի Հանրապետութեան վրայ:
Ան խօսած է այն մասին, որ Հայոց Ցեղասպանութեան հետեւանքով Հայաստանի Հանրապետութիւնը կը մնայ շրջափակուած եւ չի տիրապետեր պատմականօրէն իրեն պատկանող հողերուն: Ան նշած է նաեւ, որ Թուրքիան, (իբրեւ Օսմանեան կայսրութեան ոճրագործներու կողմէ իրականացուած հայկական, յունական եւ ասորական ցեղասպանութիւններու ժառանգորդ պետութիւն) ներկայիս եւս կը շարունակէ տնտեսական շրջափակումը Հայաստանի նկատմամբ, որ կը վտանգէ դեռ մէկ դար առաջ ցեղասպանութիւն ապրած ժողովուրդի հասարակական- տնտեսական կենսունակութիւնը, անվտանգութիւնը եւ կայունութիւնը:
Էնտրիւ Ռոհան նաեւ անդրադարձած է Թուրքիոյ կողմէ իրականացուող այն բոլոր ջանքերուն եւ գործողութիւններուն, որոնք կը խոչընդոտեն Հայոց Ցեղասպանութեան բանաձեւի ընդունման: Ան նկարագրած է Թուրքիոյ կողմէ այն բոլոր գործողութիւնները, որոնք ուղղուած են ոչնչացնելու հայկական մշակութային յուշարձաններն ու եկեղեցիները, խօսած է այն մասին, որ Թուրքիոյ մէջ պատմութիւնը աշակերտներուն կը դասաւանդուի վերափոխուած ձեւով, որ իբր ցեղասպանութիւն չէ եղած, ինչպէս նաեւ փաստած է այն հանգամանքը, որ Թուրքիոյ քրէական օրէնսգիրքի 301րդ յօդուածը պատիժ կը նախատեսէ հրապարակաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ընդունողներուն:








All the contents on this site are copyrighted ©.