2011-12-16 13:10:02

Համալսարանականներու Մասնակցութեամբ Երեկոյան Ժամասացութիւն Սուրբ Պետրոսի Մէջ։


Հինգշաբթի 15 դեկտեմբերի յետ միջօրէին, ժամը 17.30ին, Սուրբ Պետրոս Տաճարին մէջ, տեղի ունեցաւ Հռոմի համալսարանական հովութեան Գրասենեակի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած երեկոյան Ժամասացութիւնը, որուն մասնակցեցան Իտալիոյ Համալսարաններու դասախօսները ու ուսանողները,թիւով՝10 հազար հոգի։

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը այս առթիւ արտսանած իր ճառին մէջ յորդորեց երիտասարդները իրականացնելու մարդավայել կեանք մը` Քրիստոսի մէջ, համբերութեամբ, յարատեւութեամբ եւ առանց գաղափարախօսութիւններու։
Արագ ընթացող աշխարհի մը մէջ,ցրուած, անհանդրժող, եւ կեանքի ամէն մէկ շրջանին արդիական միջոցներու դիմող երիտասարդներու ի տես , Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը Յակոբոս Առաքեալի խօսքերով հրաւիրեց երիտասարդ համալսարանականները <<նմանելու երկրագործին >> որ պատրաստելէ ետք արտը <<համբերութեամբ կը սպասէ հողի թանկարժէք պտուղին>>։ Նորին Սրբութիւնը ապա յանձնարարեց երիտասարդներուն որ այս սպասումի պահերուն կանգ առնեն ու խորհրդածեն, նախապատրաստելով իրենց սրտերը Փրկչի Գալստեան՝ Բեթղեհէմի քարայրին մէջ որ <<անհասանելի խորհուրդ է լոյսի, սիրոյ եւ շնորհքի՝՝։

Պենետիկտոս ԺԶ., ապա աւելցուց ըսելով ՝՝ քանիցս մարդիկ ուզեցին առանձին կառուցել աշխարհը, առանց Աստուծոյ կամ հակառակ Աստուծոյ ՝՝, որու արդիւնքը եղաւ գաղափարախօսութիւններու ողբերգրութեան ապացոյցը, որ դէմ է մարդուն ու անոր արժանապատութեան։
Բեթղեհէմի քարայրին մէջ մարդու առանձնութիւնը յաղթահարուեցաւ եւ կարելիութիւն տրուեցաւ մարդու պատմութեան նախագիծը իրագործելու Քրիստոսի վճռակամութեամբ, որ միշտ ներկայ է ու մեզի կ՛ընկերանայ ( ըսաւ Նորին Սրբութիւնը) ու հրաւիրեց բոլորը ընդունելու Մանուկ Յիսուսը, մեկնելով Անկէ ու անոր հետ միասին դիմագրաւելու բոլոր դժուարութիւնները, ու կառուցելու մարդու միջավայրը մէկտեղելով՝ հաւատքը ու մշակոյթը։ Հուսկ իր խօսքը եզրափալելով Սրբազան Հայրը հրաւիրեց Համալսարանական Մարմնի անդամները ամենուրէք աւետելու թէ ՝՝Աստուծոյ իսկական դիմագիծը Բեթղեհէմի Մանուկի դէմքին մէջ կը գտնուի՝՝։








All the contents on this site are copyrighted ©.