2011-12-16 13:43:13

Գուպայի եկեղեցին կը յուսայ որ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի Գուպա կատարելիք յառաջիկայ Առաքելական Ճամբորդութիւնը նպաստէ քաղաքական բանտարկեալներու ազատագրումին։


Ի լուր Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի Գուպա կատարելիք Առաքելական Ճամբորդութեան 2012-ին, կարտինալ Օսքար Մարատիակայ նախագահը միջազգային Գարիթասի, փափաք յայտնեց որ համայնավար կղզին լայն բանայ իր դռները ու ազատ արձակէ քաղաքական բոլոր բանտարկեալները ու վերջ տայ բռնութիւններուն։ Ան յիշեցուց Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետի 1998-ին Գուպա կատարած Առաքելական ճամբորդութիւնը, որուն ընթացքին երջանկայիշատակ քահանայապետը ըսած էր. ''Թող Գուպան բացուի աշխարհին ու աշխարհը բացուի Գուպային''։
2003-ին Ս. Աթոռը Գուպայի իշխանութենէն խնդրած է բարեգթութեան ներգործութիւն մը կատարել հանդէպ այլախոհներուն։ 2008-ին Վատիկանի Պետական Քարտուղարը Կարտինալ Պերթոնէ այցելեց Գուպայի նախագահ Ռաուլ Գասթրոյին, եւ այդ առթիւ Հավանայի իշխանութիւնը ազատ արձակեց խումբ մը բանտարկեալներ,թոյլատրելով միաժամանակ խումբ մը աքսորեալներու մուտքը հայրենիք։








All the contents on this site are copyrighted ©.